Հայաստան 2019 Թուականին Մաս Պիտի Կազմէ Պրազիլի Փառատօնին

Հայաստան 2019 թուականին մաս պիտի կազմէ աշխարհի ամենամեծ շոուին` Պրազիլի փառատօնին:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն հայ-պրազիլական մշակութային տնտեսական ժողովին, Սամպայի աւանդական եւ կարեւորագոյն դպրոցներէն մէկը` «Ոսկէ վարդեր»-ը,  իր շքերթին թեմա  ընտրած է Հայաստանը: Պրազիլը այս քայլով իր սէրն ու յարգանքը կ´արտայայտէ Հայաստանի հանդէպ այն պատճառով, որ բազմաթիւ աշխարհասփիւռ հայեր կ´ապրին նաեւ Պրազիլի մէջ:

65 վայրկեան տեւողութեամբ ցուցադրութեան ընթացքին պիտի ներկայացուի հայաստանեան պատմութիւնը, մշակոյթը եւ կրօնը: Դպրոցի ներկայացուցիչներուն խօսքով, իրենց համար պատիւ է բեմականացման, հագուստներու, երաժշտութեան եւ երգի միջոցով ներկայացնել  երկիր մը, որ ունի հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն , որոնք կարեւոր են  ամբողջ մարդկութեան համար:
«Ոսկէ վարդեր»-ը կ´ողջունեն բոլորը, որոնք կը կրեն Հայաստանն իրենց սրտին մէջ եւ կոչ կ´ընեն քաջալերելու եւ հետեւելու իրենց` զգալով պրազիլական փառատօնի մոգական գեղեցկութիւնը:

Scroll Up