Մխիթար Հայրապետեան Եգիպտոսի իր գործընկերոջ հետ այցելած է Առաջնորդարան
Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը սեպտեմբեր 25-ին այցելած են Գահիրէի Հայոց թեմի Առաջնորդարան, ուր բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած եւ բարի գալուստ մաղթած է Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, հոգեւոր հօր ուղեկցութեամբ նախարարները շրջայց կատարած են Առաջնորդարանին մէջ, որուն շնորհիւ առաւել մանրամասն տեղեկութիւններ ստացած են 1860 թուականին կառուցուած շինութեան մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացած են կառոյցի ճարտարապետական ոճի առանձնայատկութիւններուն: Այցելութեան առիթը օրերս կայանալիք Եգիպտոսի հայ համայնքի մեծարման ձեռնարկն է, որ նպատակ ունի խթանել երկու պետութիւններու պատմական կապերու զարգացումը: