Մխիթար Հայրապետեանը Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Կազմին ՄԷջ Հանդիպած Է Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն

Սեպտեմբեր 14-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: Պատուիրակութիւնն օդակայանէն ուղեւորուած է Փարիզի «Երեւան» պուրակ, ուր ծաղկեպսակ տեղադրած է Կոմիտասի յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը հանդիպած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին  եղած են Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայազգի պատգամաւորներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, մասնաւորապէս, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Կեպենեկեան, Փարիզի 9-րդ թաղամասի փոխքաղաքապետ Ալեքսի Գովճեան, Ֆրանսայի կառավարութեան նախկին անդամ Փատրիկ Տեւեճեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը, գործարարներ` Դանիէլ Քիւրքչեանը, Սերժ Չուրուկը, Վարդան Սրմաքեշը, Արմէն Պետրոսեանը, Ալէն Միկլին, Ֆրանսայի ֆիլմի գործիչներու միութեան նախագահ Ալէն Թերզեանը, աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Եուրի Ջորկաեֆը եւ այլք:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ ֆրանսահայութեան հռչակաւոր զաւակներու ներկայացուածութիւնը հանդիպման կը խորհրդանշեն այն հնարաւորութիւնները, որ այսօր բացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ: «Ի՞նչ  տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, շատ պարզ բան. Հայաստանի քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդը սկսաւ հաւատալ ինքն իրեն. առանցքային փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է` սա է: Կապ չունի, թէ ով է իշխանութիւն եւ ով ընդդիմութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը ժողովուրդն է, եւ ատոր մէջ որեւէ չափազանցութիւն չկայ: Այսօր ընդունած եմ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ներկայացուցիչները, որոնց հետ տեղի ունեցաւ հետաքրքիր խօսակցութիւն. անոնց ըսի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը ձեւաւորուի կառավարման նոր համակարգ. ատիկա ուղիղ ժողովրդաիշխանութիւնն է: Քանի որ այս արտայայտութիւնը թիւրըմբռնումներու տեղի կու տայ, կը  ցանկամ նշել, որ ատիկա ըսելով նկատի ունիմ հետեւեալը. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն աւելի կարեւոր մասնակցութիւն պէտք է ունենան երկրի կառավարման, մասնաւորապէս հանրաքուէներու միջոցով: Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ սկսած է  նոր գործընթաց մը, որ կը տարածուի աշխարհով մէկ: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը ստանձնած են դերակատարում մը, որ ունի միջազգային նշանակութիւն, եւ ես կը կարծեմ, որ հայ ժողովուրդն ունի ներուժ, պատմութիւն եւ հմտութիւն աշխարհի մէջ նոր համակարգերու ստեղծման ճանապարհին իր դերակատարումն ունենալու համար:

Տեսնելով ներկաները` կ՛ուզեմ հաւատալ, որ մեր պետութիւնը պիտի ըլլայ ժամանակակից քաղաքականութեան ոչ թէ յետնաբեմին, այլ  առաջնորդութեան իր չափաբաժինը կը ստանձնէ: Հայ ժողովուրդն ունի այդ ներուժը եւ որպէս քրիստոնէութիւնն առաջինն ընդունած ժողովուրդ` ես աւելի կը հաւատամ այդ գաղափարին, որ մենք ունինք շատ աւելի լուրջ եւ մեծ ներուժը: Մենք մեր ուժերը պէտք է մէկտեղենք, եւ ատոր արդիւնքով է, որ Հայաստանի մէջ տեղի  ունեցած են քաղաքական փոփոխութիւնները, որովհետեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը տեղի  ունեցած է ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիներու, այլեւ սփիւռքի գործուն մասնակցութեամբ: Ին՞չ նկատի ունիմ մասնակցութիւն ըսելով. յստակ դիրքորոշում եւ տեսակէտ արտայայտելն այս հարցով ամենահզօր գործօնն էր, որ կրնայ փոխել քաղաքական իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Ինծի համար չափազանց կարեւոր է տեղի ունեցածի հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքական բովանդակութիւնը, որ ինչպէս պարզուեցաւ` պէտք է միաւորէր բոլորս:

Ես կը հաւատամ, որ հայ ժողովուրդը նոր դերակատարման փուլ  մտած է, եւ այդ նոր դերակատարումն առաջին հերթին ազատ եւ երջանիկ հայրենիք կերտելն է: Կրնամ երաշխաւորել, որ այսօր Հայաստանի մէջ բոլոր մարդիկ առանց բացառութեան հաւասար են օրէնքի առջեւ: Երկրին մէջ ոեւէ մէկէն որեւէ բանով աւելի եւ պակաս չըլլալն այն անկիւնաքարն է, որուն վրայ կը կառուցուի մեր նոր իրականութիւնը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս վերաբերմունքին եւ ընդունելութեան համար: Շատ բաներ դեռ չեն խօսուած, բայց կ՛ուզեմ հաւաստիացնել, որ ձեր աչքերուն մէջ կարդացի այն ամէնն, ինչ կ’ուզէիք ըսել, յոյս ունիմ, որ իմ աչքերուն մէջ տեսաք այն ամէնը, ինչ կ՛ուզէիք լսել: Մենք նոյն նահապետի յետնորդներն ենք, նոյն հայրենիքի զաւակներն ենք, նոյն երազանքներու կրողներն ենք, նոյն յաղթանակի կերտողներն ենք եւ պէտք է ըլլանք միասին»,- ըսած է վարչապետը:

Մտքերու փոխանակութեան ընթացքին վարչապետը պատասխանած է ֆրանսահայ գործիչներու հարցերուն` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, ժողովրդավարութեան զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, գործարար միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու ներգրաւման եւ այլ թեմաներու վերաբերեալ: Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆութպոլիստ Եուրի Ճորկայեֆը ՀՀ անկախութեան տօնին առթիւ պարգեւատրած է Երախտագիտութեան մետալով: Եուրի Ճորկայեֆը նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է արժանանալ նման պարգեւի եւ աւելցուցած, որ այն կը կրէ պատուով ու հպարտութեամբ: «Հպարտ եմ ըլլալու Հայաստանի ներկայացուցիչներէն մէկը»,- ըսած է Ճորկաեֆ:

 

Scroll Up