Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Ռումանիոյ Փիտեշտ Քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ Ուխտի Օրը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/09/ruminia.jpg)
Սեպտեմբեր 23-ին Փիտեշտի հայոց եկեղեցին մարդաշատ էր: Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի օրհնութեամբ եւ տեղի ծխական խորհուրդի հրաւէրով Փիտեշտ ժամանած էին շարք մը հայաշատ քաղաքներու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներ, ներառեալ Պուխարեստէն, Կոնստանցայէն, Ռոմանէն, Կեռլայէն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, ժամը 11:00-ին կը մատուցուի Ս. Պատարագ` ձեռամբ թեմակալ առաջնորդի: Սուրբ Պատարագին կը մասնակցէին եւ սուրբ սեղանին կը սպասաւորէին Կոնստանցայի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեան եւ Հայկ սարկաւագ Ազարեան: Պատարագի աւարտին Սրբազանն իր օրհնութիւնն ու պատգամը բերած է բոլոր ուխտաւորներուն` հայ եւ ռումանացի` շեշտելով երկու քրիստոնեայ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը, յանուն Քրիստոսի անցած փշոտ ճանապարհը եւ բազում նահատակութիւնները, որոնցմով այլեւս երկու ժողովուրդները դարձած են ուղղակի մէկ ընտանիք ի Քրիստոս: Սրբազանը նաեւ իր գնահատանքը յայտած է տեղի ծխական խորհուրդի անդամներուն, հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին, որոնցմէ շատերը հարիւրաւոր քիլամեթրեր կտրած էին ուխտի պատարագին մասնակցելու համար: Առաջնորդանիստ եկեղեցիէն Փիտեշտ բերուած էր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը` երկրպագութիւն ուխտաւորաց:
Պատարագի աւարտին կատարոած է Հոգեհանգստեան պաշտօն` աղօթք բարձրացնելով Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հիմնադիրներու, կառուցողներու, սպասաւորներու, ատենապետներու եւ նուիրեալ հայորդիներ հոգիներու հանգստութեան եւ փրկութեան համար: Այնուհետեւ առաջնորդի ձեռամբ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ օրհնուած է մատաղը եւ բաժնուած բոլոր ուխտաւորներուն:
Յաջորդիւ ուխտաւորները հաւաքուած են քաղաքի կեդրոնին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած հայկական խաչքարին առջեւ, ծաղիկներ տեղադրած, խոնարհած եւ միասնական աղօթք բարձրացուցած առ Աստուած` հայցելով բիւրաւոր նահատակաց բարեխօսութիւնը:
Տօնական օրը կ՛եզրափակուի սիրոյ ճաշով, որմէ յետոյ բոլոր ուխտաւորներն իրենց հովիւներու առաջնորդութեամբ կը վերադառնան իրենց քաղաքներ` առաւել զօրացած ու հոգեպէս նորոգուած: