ՀՀ Անկախութեան Տարեդարձին Նուիրուած Ամենամեծ Եւրոպական Ձեռնարկը` Ժընեւի ՄԷջ

Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան բարձր հովանիի ներքոյ հոկտեմբեր 12-ին Ժընեւի հողինակաւոր «Վիկտորիա» համերգասրահին մէջ տեղի կ’ունենայ «VIVA CELLO»` «Լաւագոյն ստեղծագործութիւններ թաւջութակի համար» խորագիրով համերգ` նուիրուած Երեւանի մէջ իրականացուելիք ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Աւետիս» մշակութային , սա  բացառիկ ծրագիրով երեկոյ է, որ բաղկացած է թաւջութակի համար գրուած գլուխգործոցներէն`  երկու տաղանդաւոր թաւջութակահարներ` ֆրանսացի Էտկար Մորոյի եւ մեր հայրենակից Նարեկ Հախնազարեանի մասնակցութեամբ, որոնք կը կատարեն Սեզար Ֆրանկի եւ Տմիթրի Շոստակովիչի հանրաճանաչ սօնատները: Համերգի ընթացքին այս երկու երաժիշտներուն հետ միասին դաշնամուրի մօտ կ՛ըլլայ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, անուանի դաշնակահար Հայկ Մելիքեան: Ծրագիրին ներառուած են նաեւ Չայկովսկիի, Շոփենի, Մասնեյի, Ֆորեյի, Սեն-Սանսի, Պագանինիի, Պիացոլայի եւ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

Նարեկ Հախնազարեան Չայկովսկիի անուան միջազգային մրցոյթի ոսկէ մետալակիր է, 22 տարեկան հասակէն նուագած է աշխարհի խոշորագոյն նուագախումբերու հետ եւ կը համարուի իր սերունդի լաւագոյն թաւջութակահարներէն մէկը: 23-ամեայ Էտկար Մորոն, որ Ֆրանսայի մէջ կ՛անուանեն «Թաւջութակի Փոքրիկ իշխան», կը համարուի դասական կատարողական արուեստի ապագայ մեծ անուններէն մէկը: Երկուքն ալ կը նուագեն Դաւիթ Թեքլերի թաւջութակներու վրայ, Նարեկը` 1698 թ., Էտկարը` 1711 թ.: Հայկ Մելիքեան Օռլէանի դաշնակահարներու միջազգային մրցոյթի դափնեկիր է եւ կը համարուի ժամանակակից երաժշտութեան աշխարհի լաւագոյն կատարողներէն մէկը:

«Աւետիս» հայ-զուիցերական մշակութային միութիւնը ստեղծուած է 2011 թ., որուն նպատակն է Զուիցերիոյ մէջ ներկայացնել ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտարազգի աշխարհահռչակ երաժիշտ-կատարողներու: Ժընեւի «Վիկտորիա» համերգասրահին մէջ մինչ օրս հանդէս  եկած են այնպիսի հանրաճանաչ անուններ, ինչպիսիք են` Սերգէյ Խաչատրեան, Բարսեղ Թումանեան, Վագ Պապեան, ինչպիս նաեւ Մաքսիմ Վենգերովը, Խատիա Բունիատիշուիլին, որոնք առաջին անգամ հնչեցուցած են Կոմիտասի, Բաբաջանեանի, Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները: Աւետիսի-ի յառաջիկայ աշնանային համերգաշրջանին ելոյթ կ’ունենան մերօրեայ մեծանուն աստղեր` սոփրանօ Անգելա Ճորճուն, դաշնակահար Միխայիլ Փլետնեովը եւ այլք:

«Աւետիս» մշակութային միութեան` Ժընեւ քաղաքի դասական երաժշտութեան համերգներու լաւագոյն կազմակերպիչներէն մէկը, որուն հիմնադիր-տնօրէնը եւ գեղարուեստական ղեկավարն է Զուիցերիա բնակող հայազգի անուանի օփերայի երգչուհի Վարդուհի Խաչատրեան, կը ներկայացնէ իր յառաջիկայ համերգը «VIVA» խորագիրով: «VIVA Վիւալդի»-էն, «VIVA Callas»-էն, «VIVA Opera»-էն յետոյ այժմ հերթը հասաւ «VIVA Cello»-ին: Համերգը կը կայանայ Ժընեւի հեղինակաւոր «Վիկտորիա» համերգասրահին մէջ:

 

Scroll Up