Եգիպտոսի Ներգաղթի Եւ Արտագաղթածներու Նախարարը Կարեւոր Համարած Է Մխիթար Հայրապետեանի Այցը Գահիրէ
Գահիրէի մէջ եգիպտահայերուն նուիրուած ձեռնարկին ընդառաջ` Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանի հետ:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով եգիպտական «Ալ Ահրամ» թերթին, կը յայտնէ, որ հանդիպման ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Գահիրէի քաղաքական խորհուրդի ատենապետ Վահէ Փլատեան, Հայ դատի Եգիպտոսի մարմնի պատասխանատու, Գահիրէի թեմական ժողովի անդամ Արմէն Մազլումեան, Գահիրէի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մարտիկ Պալայեան:
Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամ ողջոյնի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի` սեպտեմբերի վերջին Եգիպտոս կատարելիք այցի առիթով: Նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուին քննարկել երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման առնչուող հարցեր:
Անդրադառնալով եգիպտահայերուն նուիրուած ձեռնարկին` Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարարը նշած է, որ այն կը կազմակերպուի ի պատիւ եգիպտահայերու, որոնք դարեր շարունակ ապրած ու արարած են Եգիպտոսի մէջ` իրենց ներդրումն ունենալով երկրի տարբեր ոլորտներու զարգացման:
Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանն իր գոհունակութիւնը յայտնած է կազմակերպուելիք ձեռնարկին առիթով` նշելով, որ եգիպտահայերը միշտ ապրած են ու կ՛ապրին Եգիպտոսի մէջ` փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան պայմաններու մէջ: Առաջնորդը աւելցուցած է, որ հայերն իրենց ուրոյն տեղն ունեցած են Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ` նպաստելով նաեւ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ փոխյարաբերութիւններու զարգացման:
Իր հերթին Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան վստահութիւն յայտնած է, որ համատեղ ջանքերով կը նպաստեն երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման` ի բարօրութիւն երկու բարեկամ երկիրներու:
Հայոց թեմի Առաջնորդարան` Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարար Նապիլա Մաքրամի այցի շարժառիթը «Կիպրացիներու համաշխարհային համաժողով»-ի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ հանդիպումն էր, որ կայացած էր յուլիսին` Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիադիսի նստավայրին մէջ: Հանդիպման ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ողջունած էր արմատները վերականգնելու նախաձեռնութեան նուիրուած ձեռնարկները` պատրաստակամութիւն յայտնելով Հայաստանի մասնակցութիւնն այդ հարցին: Հայաստանի սփիւռքի նախարարը նաեւ կարեւոր համարած էր Եգիպտոսի դերը հայ ժողովուրդին հիւրընկալելու գործին մէջ: