Նշուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Հիմնադրման 90-ամեակը

Սեպտեմբեր 9-ին Գ․ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 90-ամեակին նուիրուած Յոբելենական գլխաւոր հանդիսութիւնը, որուն գեղարուեսական յայտագրին հեղինակը եւ բեմադրիչը Վարդան Մկրտչեանն էր:

Մինչ յոբելենական հանդիսութիւնը Մայր թատրոնի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  համազգայինի հրատարակչական գործունէութեան նուիրուած ցուցադրութիւն․ ներկայացուած էին պատմական լուսանկարներ, «Ես եմ» խորագիրով ցուցահանդէսի աշխատանքները, ելոյթ ունեցաւ «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթը:

Հանդիսութեան բացման խօսքով ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան: Կարեւոր համարուեցաւ Համազգայինի երկարամեայ հայապահպան ու մշակութաստեղծ գործունէութիւնը, որ այսօր ալ լաւագոյնս կ՛իրականացուի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

90 տարի առաջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը գործունէութիւնը սկսաւ Գահիրէի մէջ` սկիզբը կոչուելով «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն»: Հիմնադիրներն էին Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփեկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատրեան, Սարգիս Մալխասեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան: Դեռեւս 90 տարի առաջ Համազգայինը որդեգրած է հետեւեալ նպատակը` «Հայ ժողովուրդին կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգիով»:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 90-ամեայ յոբելեանի առթիւ շնորհաւորական ուղերձներ  յղած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձին մէջ նշուած է․ «Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Սիմոն Վրացեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ միւս երախտաւորների հիմնադրած կազմակերպութիւնն այսօր էլ աշխարհասփիւռ իր բազմաթիւ կառոյցներով ու հաստատութիւններով, անհատ նուիրեալներով նոյն ոգով շարունակում է հաւատարիմ մնալ հայ ազգային մշակոյթին, պատմութեանը եւ արժէքներին, հայադէմ Սփիւռք կառուցելու եւ պահելու առաքելութեանը, դիմակայել ուծացման մարտահրաւէրներին: Այս առումով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութիւնները, ձեռնարկներն ու ծրագրերը Սփիւռքում, Հայաստանում եւ Արցախում արժանի են բարձր գնահատանքի»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի շնորհաւորական ուղերձին մէջ կարեւոր կը համարուի Համազգայինի ազգապահպան գործունէութիւնը նշելով․ «Իրապէս գնահատելի է այն ահռելի աշխատանքը, որ շուրջ մէկդարեայ այս կառոյցի անդամներն իրականացնում են աշխարհասփիւռ հայկական շրջանակներում` դաստիարակելով մայրենիի պաշտպան եւ ազգային մշակոյթի պահապան սերունդներ: Հայակերտումի առաքելութեամբ տոգորուած Համազգայինն ամենուրէք հիմնեց մշակութային կենտրոններ, կրթական հաստատութիւններ` դպրոցների, երգչախմբերի, պարախմբերի, թատերախմբերի, թանգարանների, հրատարակչութիւնների ստեղծումով համախմբեց հայութեանը: Համազգայինը գործեց ու առաջնորդուեց այն գիտակցումով, որ ազգի ոգին պահպանւում է ազնիւ արուեստի, ազգային մշակոյթի փոխանցումով»:

Համազգայինի յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ համերգային-թատերականացուած ինքնատիպ բեմադրութիւն հետեւեալ խումբերու մասնակցութեամբ` Գ․ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոն, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոն, Երեւանի Մնջախաղի պետական թատրոն, «Բարեկամութիւն» Հայաստանի պարարուեստի պետական համոյթ, Երեւանի պետական կամերային երգչախումբ, «Միայն աղջիկներ» վոկալ խումբ, «Էմմանուէլ Յովհաննիսեան եւ ընկերներ» տուտուկահարներու խումբ, «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթ:

Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին «Մուշռում» արուեսանոցին կողմէ ներկայացուեցան տեսանիւթեր, որոնք կ՛արտացոլէին Համազգայինի 90-ամեայ գործունէութեան ընդհանրական ուղղութիւնները:

Համազգայինի յոբելենական հանդիսութիւնը ուղիղ հեռարձակմամբ ցուցադրուեցաւ նաեւ համացանցով:

Scroll Up