ՍԱՐՖի Կոչը Ամերիկահայ Համայնքին. Միացէ՛ք ՍԱՐՖին՝ Միասնաբար Շարունակելու Օժանդակութիւնը՝ Ի Նպաստ Սուրիահայ Գաղութի
Վերջին տարիներու Սուրիոյ աւերիչ պատերազմը, ամէնօրեայ գոյապայքարի պատմական մեծ մարտահրաւէր մը դարձաւ սուրիահայ մայր գաղութին համար, որ իր հազարաւոր զաւակներու պարտադիր արտագաղթի պատճառով կորսնցուցած է իր երբեմնի կենսունակութիւնը:
Հալէպ, Քէսապ, Տէր Զօր, Հասաքէ եւ Դամասկոս, իւրաքանչիւրը իր «արդար» վնասի բաժինը ունեցաւ այս պատերազմին, սակայն հալէպահայ գաղութն է, որ ապրեցաւ տառապանքի իր մեծ բաժինը եւ որ այժմ անցած է վերականգնումի իր նոր փուլին…:
Սուրիոյ պատերազմի դաժան օրերուն, 2012ին կազմուեցաւ ՍԱՐՖի մարմինը, որ համախմբեց ԱՄՆի Լոս Անճելըսի հայկական գաղութը եւ միասնական ջանքերով, մարդասիրական եւ նիւթական օգնութիւն հասցուց Սուրիա: Այդ նիւթական օգնութիւնը մինչ օրս կը հաշուէ մօտ 2.25 միլիոն տոլար, որ կեանքի ապահովութիւն հանդիսացաւ Հալէպի եւ այլ շրջաններու մեր հայրենակիցներուն՝ պահելով աշակերտները իրենց վարժարաններուն մէջ, ապահովելով անհրաժեշտ դեղօրայք եւ շտապ օգնութիւն վիրաւորներուն, սնունդ եւ ջուր անկարներուն եւ կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ օգնութեան ձեռք երկարեց Հայաստան գաղթող մեր հայրենակիցներուն, մաս կազմելով «վարձքի օժանդակ ծրագիրի» մը, որ աւելի քան երեք տարի օգտակար դարձաւ 600է աւելի ընտանիքներու հաստատման հայրենիքէն ներս:
Ինչպէս տեղեակ էք, 2016ի Դեկտեմբերին կրակմար յայտարարուեցաւ Հալէպի մէջ: ՍԱՐՖը անմիջապէս լծուեցաւ նոր հանգրուանի մը, նպաստելու Հալէպի վերականգնումին եւ վերաշինութեան եւ այդ նպատակով փոխանցեց 250,000 տոլար, օժանդակելու յատկապէս Հալէպի մէջ վնասուած փոքր արհեստանոցներու, գործատեղիներու վերանորոգման եւ վերաշխուժացման:
Վերոյիշեալ դրական բարեփոխումներու եւ զարգացումներու կողքին, մենք կը հաւատանք, որ բնականոն եւ խաղաղ ճանապարհի հասնիլը երկար եւ ծախսալի է, նկատի առած, որ Սուրիոյ պատերազմը բարդ է եւ պատերազմող կողմերու վերջնական համաձայնութիւնն ու երկրին վերջնական խաղաղութիւնը՝ երկար տարիներու հարց կրնայ ըլլալ:
Այս իրականութեան լոյսին տակ, մենք համոզուած կը դիմենք գաղութի մեր յարգելի նուիրատուներուն եւ բարերարներուն՝ շարունակելու իրենց բարեգործ օժանդակութիւնը ի նպաստ Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ յամեցող դժուարութեանց այս ժամանակաշրջանին:
Ոչ ոք կրնայ գուշակել ապագան եւ կամ այս արիւնալի պատերազմին յաջորդ փուլը…տակաւին կան բնակչութեան նուազումի եւ տնտեսական որոշ բարդութիւններ, որոնք երկիր ներխուժեցին պատերազմի հետեւանքով, ինչպէս նաեւ այլ բարդութիւններ գոյացան գաղթակայաններու մէջ, ուր պէտք էր յարմարիլ տուեալ երկրի մարտահրաւէրներուն եւ նոր ու դժուարին պայմաններուն:
Մենք վստահ ենք, որ երբ օր մը ետ նայինք այս պատերազմին ու մեր եղբայրներու ու քոյրերու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, միասնաբար ու հպարտութեամբ պիտի կանգնինք ըսելով, որ մենք իրագործեցինք անհրաժեշտն ու անկարելին, երբ մեր սուրիահայ մայր գաղութի օգնութեան կանչը լսեցինք ծանրագոյն այդ օրերուն:
Միացէ՛ք ՍԱՐՖին միասնաբար շարունակելու այս ազնիւ առաքելութիւնը:
Syrian Armenian
Relief Fund “SARF”
P.O. Box 1948
Glendale, CA 91209