Լիբանանի Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդն Ու Երեսփոխան Բագրատունին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Ապա նախագահ Աունի յանձնուեցաւ հրաւէր մը` 21 հոկտեմբերին ներկայ գտնուելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակի տօնակատարութեան, որուն ընթացքին պիտի մատուցուի նաեւ Ս. պատարագ` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:

Scroll Up