Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսուցչական Համագումար

Ուսուցչական Համագումարի յաջորդող երկու օրերը՝ Չորեքշաբթի 22 եւ Հինգշաբթի 23 Օգոստոս 2018, համաձայն նախատեսուած ծրագիրին, ընթացան նորովի հետաքրքրութեամբ եւ իւրայատուկ աշխուժութեամբ: Այսպէս, երկրորդ օրը՝ առաւօտուն դասախօսեցին օրդ. Մարիա Գաբրիէլեան (Հալէպէն) եւ օրդ. Շողիկ Աշըգեան (Քեսապէն): Օրդ. Գաբրիէլեան խօսեցաւ «Ո՞վ Է Ուսուցիչը, Հայ Ուսուցիչը» նիւթին շուրջ՝ շեշտը դնելով ազգային ուսուցիչին իւրայատկութիւններուն վրայ: Օրդ. Աշըգեան անդրադարձաւ «Արեւմտահայերէնի Ուսուցման Կարեւորութեան», տեղի ունեցող նահանջի երեւոյթներուն՝ լուսարձակի տակ առնելով այդ դժուարութիւնները դիմագրաւելու դրական միջոցներ: Աւարտին, մասնակիցներու լուսաբանական հարցումներուն սպառիչ պատասխաններ տրուեցան:
Յետմիջօրէին խմբային գործնական աշխատանքները շարունակուեցան, որոնց ընթացքին նախապէս պատրաստուած հարցաթերթիկը քննարկուեցաւ ու քննարկումները տեղւոյն վրայ բանաձեւուեցան: Ուսուցչուհիները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ կարծիքներ եւ առաջարկներ ներկայացնելով: Խմբակները, թիւով վեց, ի յարգանս արեւմտահայ մտաւորականներու, կրեցին անունները դաստիարակներու՝ Յակոբ Օշականի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Գէորգ Գանտահարեանի եւ Գրիգոր Շահինեանի:
Երրորդ օրուան յայտագիրը սկսաւ «Կրօնական Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը» նիւթով, զորս ներկայացուց Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւոր դերը հայ դպրոցէն ներս՝ շեշտը դնելով ընտանիքին, դպրոցին եւ միութեանց լծակիցներ դառնալու նուիրական աշխատանքին վրայ: Յաջորդ նիւթը՝ «Ուսուցման Կերպերը», ներկայացուցին օրդ. Մարի Շէխուկեան եւ տիկին Զեփիւռ Է. Րէիսեան: Օրդ. Շէխուկեան գիտական նիւթերու դասաւանդման գործնական միջոցներ առաջարկեց, իսկ տիկ. Րէիսեան մանրամասնօրէն բացատրեց օրինակելի ուսուցման կերպերը:
Կէսօրէ ետք, յատուկ նիստով լսելի դարձան հայ ուսանողին, հայ ուսուցիչին եւ ընդհանրապէս ազգին ակնկալութիւնները հայ դպրոցէն եւ ուսուցիչէն: Ներկաները մեծ հետաքրքութեամբ լսեցին ուսանողներ Էլի Պարմաքսզեանի եւ Շուշի Ղազարեանի ակնկալութիւնները: Ուսուցիչին ակնկալութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն անդրադարձաւ տիկ. Ռիթա Կաղեան- Տիքպիքեան, մինչ ազգի ակնկալիքներուն մասին սրտբաց, տրամաբանուած եւ ապրումով խօսեցաւ օրդ. Սիլվա Ճապաղջուրեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ առկայ թերութիւններուն եւ զանոնք սրբագրելու առաջարկներ ներկայացուեցան:
Համագումարի վերջին բաժինը կ’ընդգրկէր ընդհանուր քննարկում եւ արժեւորում: Նախապէս բաժնուած բացատրողական թղթիկներու վրայ իւրաքանչիւրը արձանագրեց անհատական իր արժեւորումը: Իսկ գործնական աշխատանքներու եզրափակիչ զեկոյցները հաւաքական քննարկումի ենթարկեցին համագումարի գործունէութիւնը՝ արտայայտելով ներկաներուն հաւաքաբար լաւագոյնին ձգտելու պատրաստակամութիւնը:
Աւարտին, համագումարի պաշտօնական փակումը կատարուեցաւ: Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ օրդ. Ճապաղջուրեան շնորհակալութեան խօսք արտասանեց եւ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը բաշխելու շնորհակալագիրներ ու յատուկ նուէրներ դասախօսներուն եւ գնահատագիրներ բոլոր մասնակիցներուն: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակման պաշտօնական իր խօսքին մէջ ամփոփեց համագումարի արդիւնքը, համագործակցութեան կոչ ուղղելով բոլորին՝ միասնաբար իրականութեան վերածելու առաջարկները եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ու օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն՝ «Բարի Վերամուտ» մաղթելով բոլորին 2018-2019 ուսումնակրթական տարեշրջանի սեմին:
Ուսուցչական Համագումարը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
Եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, իսկ յաջորդ առաւօտուն, մասնակիցները կրկին տեսնուելու յոյսով վերադարձան իրենց շրջանները:
Թղթակցութիւն Ուսումնական Խորհուրդի
(շար.2 եւ վերջ)