Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Գարեջուրի Փառատօն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/08/2015_beers_335316342.jpg)
Օգոստոս 28-ին Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենայ գարեջուրի փառատօն:
Փառատօնը կը կազմակերպուի «Կոտայք» գարեջուրի գործարանին կողմէ` ընկերութեան Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ընկերութեան Ստեփանակերտի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ղազարեան ըսած է, որ նման նախաձեռնութիւն Արցախի մէջ առաջին անգամ կը կազմապերպեն:
«Փառատօնին պիտի կազմակերպենք գարեջուրի անվճար հիւրասիրութիւն: Բացի այդ կը նախատեսուի նաեւ համերգային ծրագիր, որուն ելոյթներով հանդէս պիտի գայ Ստեփանակերտի փողային նուագախումբը»,- նշած է Ղազարեան:
Անոր խօսքով` փառատօնին նպատակը աշխոյժ ժամանց կազմակերպելն է, ինչպէս նաեւ փառատօնի միջոցով ընկերութեան արտադրանքի ներկայացումն ու նոր համագործակցութիւններու հարթակ ձեւաւորելը:
Փառատօնի պիտի սկսի 18:00-ին: Մուտքը ազատ է: