Լիբանանի Նախագահն Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր Եւ Թանգարան
Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Լիբանանի նախագահին կ’ուղեկցէին ՀՀ տարածքային կառավարման նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին ծաղկեպսակ տեղադրելէ յետոյ Լիբանանի նախագահը ծաղիկներ դրաւ անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց անմեղ զոհերու յիշատակը:
Այնուհետեւ Միշէլ Աուն շրջեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ, ինչպէս նաեւ արծաթափայլ եղեւնի տնկեց Յիշատակի ծառուղիին մէջ:
«Այն, ինչ ես տեսայ այս թանգարանին մէջ, սարսափելի պատկերներ էին եւ շօշափելի վկայութիւններ, որոնք կը փաստեն հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնոտ ժամանակաշրջանի մասին: Սարսափելի ջարդերը, որոնք աննախադէպ են, կը յորդորեն զիս ընդգծելու այն ամէնը, ինչ պէտք է ըլլայ յիշողութեան բիւրեղացման եւ արդարութեան վերականգնման համար, կեղծիքի նկատմամբ արդարութեան յաղթանակին համար: Իմ խորին յարգանքը վեյանձն հայ ժողովուրդին, որ, չնայած ցաւին ու տառապանքներուն, կրցաւ հպարտութեան արժանի հայրենիք կառուցել եւ համալրել հինաւուրց քաղաքակրթութեան ժառանգութիւնը աւելի լաւ ապագայ կերտելու ճանապարհին»,- գրած է Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն: