«Քայլ Դէպի Տուն»-ը Ապարանի ՄԷջ
Ճանաչողական մասի ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցները օգոստոս 11-ին եւ 17-ին այցելեցին նաեւ Ապարանի Եղիպատրուշ գիւղը, ուր Ապարանի «Սքայ» ակումբի եւ խումբ մը եղիպատրուշեցի կամաւորներու ջանքերու շնորհիւ նախապէս ծրագիր կազմուած էր պատանիներուն գիւղական կեանքի հետ ծանօթացնելու եւ ատոր մասնակիցը դարձնելու:
Մասնակիցները նախ ծանօթացան գիւղի պատմամշակութային վայրերուն, ապա բաժնուելով խումբերու` անցան խաղ-մրցոյթին:
Նախապէս մշակուած էր 5 առաջադրանք.
- Թոնրի լաւաշի պատրաստում եւ մեղուի փեթակներու բացում, մեղրաքամ:
- Բուրդ չփխել, մանել:
- Ցորենէն ձաւարի ստացում եւ կովերու կթման գործընթաց:
- Գիւղի մասին տեղեկութեան հաւաքում:
- Խոտի տուկերու հաւաքում մեքենայի մէջ:
Իւրաքանչիւր վարժութեան կատարման համար կը տրուէր 20 վայրկեան, վարժութիւնները կը գնահատուէին, եւ իբրեւ արդիւնք խումբերէն մէկը կը ճանչցուէր յաղթող` նուէր ստանալով ազգային հագուստով լուսանկարուիլ:
Լուսանկարները` Զարա Ղազարեանի
17.am