UNESCO-ն Հայոց Լեզուի` Համշէնի Բարբառն Ընդգրկած Է «Անհետացման Վտանգի Տակ Գտնուող Լեզուներուն Մէջ. Համշէնահայ Ճեմիլ Աքսուի Մեկնաբանութիւնը «Ակօս»-ին

UNESCO-ն վերջերս հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառը վերստին ներառեց «Անհետացման վտանգի տակ գտնուող» լեզուներու շարքին: Ըստ UNESCO-ի հրապարակած ցանկին` Թուրքիոյ մէջ նման վտանգի տակ կը գտնուին 18 լեզուներ:

Այդ կապակցութեամբ ներկայիս Թուրքիոյ Արտուին նահանգի Խոփա գաւառին մէջ բնակող համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուն մեկնաբանութիւն  տուած է պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին: Ըստ Akunq.net-ի` Աքսուն մասնաւորապէս ըսած է. «Ներկայիս իրենց համշէնցի համարողներու բնակավայրեր կան Թուրքիոյ Արեւելասեւծովեան շրջանի Արտուին, Ռիզէ, Տրապիզոն նահանգներու բազմաթիւ գաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ` Էրզրում, Դիւզջէ եւ Սաքարեայ նահանգներուն մէջ: Ընդհանրապէս, կը համարուի, որ Թուրքիոյ մէջ բնակող համշէնցիներն աշխարհագրօրէն կը բաժնուին երկու հիմնական խումբի` արեւելեան եւ արեւմտեան: Արեւելեան Համշէնը կազմուած է Արտուինի Խոփա եւ Բորչկա գաւառներուն մէջ բնակողներէ, ինչպէս նաեւ` յիշեալ գաւառներէն Սաքարեայի Քոջաալի, Քարասու եւ Դիւզջէի Աքչաքոջա բնակավայրեր գաղթած համշէնցիներէ: Արեւմտեան Համշէնը կ՛ընդգրկէ Ռիզէ նահանգի Չամլըհեմշին, Հէմշին, Փազար, Իքիզդերէ, Չայելի, Արդեշեն եւ Ֆընդըքլը գաւառները եւ Տրապիզոնի Արաքլը գաւառը, Էրզրումի Սպերը, Ուզունդերէն, Թորթումը եւ Նարման: Կ՛ենթադրուի, որ այդ աշխարհագրական բաժանումը միեւնոյն ժամանակ ունի լեզուական առումով մշակութային տարբերութիւն: Այն պարագային, երբ Արեւմտեան Համշէնի մէջ կը խօսին թրքերէն, արեւելեան խումբի համշէնցիները երկու լեզուով կը խօսին` թրքերէն եւ հոմշէցնակ-համշէնահայերէն կոչուող արեւմտահայերէն»:

 

Scroll Up