Սուրիահայ Երեխաներու Ամառնային Հանգիստը «Գուգարք» Ճամբարին ՄԷջ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ «Սէյվ տը չիլդրեն» («Save The Children») կազմակերպութեան ֆինանսական աջակցութեամբ 8-14 տարեկան շուրջ 30 սուրիահայ երեխաներ օգոստոս 6-17 իրենց ամառնային հանգիստն իրականացուցին Լոռիի ամենագողտրիկ անկիւններէն մէկուն` Վահագնաձորի մէջ գտնուող «Գուգարք» ճամբարին մէջ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, ամառնային լիարժէք հանգիստի բոլոր պայմանները (երկու մասնաշէնք` լուսաւոր ննջասենեակներով, ճաշարան, ընդարձակ խաղահրապարակներ, բացօթեայ տաղաւարներ, լողաւազան) ունեցող ճամբարին մէջ սուրիահայ երեխաներն արշաւներու, խաղերու, երգ ու պարի, տարաբնոյթ ձեռնարկներու օգնութեամբ վայելեցին Լոռիի չքնաղ բնութիւնը եւ անմոռանալի օրեր անցուցին ճամբարին մէջ: