Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան Հանդիպեցաւ Պոսթընի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/08/Բոստոն-1.jpg)
ԱՄՆ կատարած այցի ծիրէն ներս օգոստոս 4-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպեցաւ Պոսթընի հայ համայնքի շուրջ երկու հարիւր ներկայացուցիչներու հետ:
Ողջունելով ներկաները` նախարար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ, անկեղծ մթնոլորտի ու հիւրընկալութեան համար եւ նշեց. «Ձեզմէ ոմանք Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ հասցուցած են այցելել հայրենիք, իսկ ովքեր չեն այցելած, խորհուրդ կու տամ գալ եւ վայելել նոր Հայաստանը: Աւելի լաւ ապագայի յոյսով` մարդիկ արդէն սկսած են ժպտիլ եւ հաւատալ: Սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան յեղափոխութիւնը ոչ միայն իւրաքանչիւր հայու, այլեւ մարդկութեան յաղթանակն է: Եւ ես այս առթիւ անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս: Մենք ոչ միայն ունինք փառահեղ ապագայ կերտելու պատմական հնարաւորութիւն, այլեւ լաւ, արժանապատիւ ներկայ ունենալու մեծ նախադրեալներ: Հզօր Հայաստան, ուժեղ Սփիւռք. ահա այն բանաձեւը, որուն մենք կը հաւատանք, եւ վստահ ենք, որ միասնաբար պիտի երթանք առաջ»:
Խօսելով առկայ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մասին` Մխիթար Հայրապետեան ընդգծեց, որ այսօր Սփիւռքի աջակցութիւնը, սատարումը հայրենիքի մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն շատ կարեւոր են: «Առաջին անգամ պատմութեան մէջ մենք Սփիւռքէն փող չենք խնդրեր: Մենք կարիք ունինք փոխադարձ գործակցութեան, համահայկական ներուժի վերհանման եւ նպատակային կիրառման»,-շեշտեց Սփիւռքի նախարարը:
Այնուհետեւ մօտ երկուքուկէս ժամ տեւած հարց ու պատասխանի ընթացքին Մխիթար Հայրապետեան պատասխանեց հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հարցերուն, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր տեսլականին, հայրենադարձութեան, հայապահպանութեան, հայկական դպրոցներու ներկայիս վիճակին, սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբման:
Նախարարը ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները, անդրադարձ կատարեց սփիւռքահայ երիտասարդներու «ՆերՈւժ» startup ծրագիրին, նշեց նաեւ, որ ՀՀ կառավարման ոլորտին մէջ համահայկական մասնագիտական ներուժի ներգրաւման անհրաժեշտութենէն ելլելով` վարչապետի յանձնարարութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնը միւս գերատեսչութիւններէն տեղեկատուութիւն կը հաւաքագրէ` համապատասխան ոլորտներու մէջ այս պահուն պահանջուող մասնագէտներու վերաբերեալ, որ մօտ ժամանակներս կը հրապարակուի:
Մխիթար Հայրապետեան յատկապէս կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ բժշկական եւ ֆինանսատնտեսական ոլորտի մասնագէտներու վերապատրաստման անհրաժեշտութիւնը, ուր կ՛ակնկալուի սփիւռքահայ մասնագէտներու աջակցութիւնը:
Հարցեր հնչեցին նաեւ Հայաստանի ներդրումային նոր քաղաքականութեան վերաբերեալ: «Մենք արմատախիլ կ՛ընենք կաշառակերութիւնը, Հայաստանի մէջ այլեւս չկայ մենաշնորհ: Մեր հայրենիքը ժամանակակից, զարգացած երկիր է, ուր դուք կրնաք ներդրումներ ընել եւ գումար աշխատիլ: Սա շատ յստակ խօսք է, որ կը ցանկամ ձեզ փոխանցել»,-նշեց սփիւռքի նախարարը: