Վարչապետին ընտանիքն Ինծի Համար Հայ Ընտանիքի Իտէալ Է. «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակից Լարիսա Ղարսլեան

Օգոստոս 1-ին պարզ դարձաւ, որ Սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներէն մէկը` վիրահայ 18-ամեայ Լարիսա Ղարսլեանը, պիտի հիւրընկալուի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընտանիքի յարկէն ներս: Այդպէս «որոշեց» վարչապետի դուստրը` Շուշան Փաշինեանը: Սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեանի օգնութեամբ ան ծրագիրի մասնակիցներու անուններու գրառումներով տուփէն պատահականութեան սկզբունքով ընտրեց հէնց վիրահայ երիտասարդին անունը: «Մենք սիրով կը  սպասենք Լարիսային մեր տունը եւ յոյսով ենք` լաւ ժամանակ կ’անցնենք»,-անունը կարդալէ ետք  նշեց Շուշանը:
Վիճակահանութենէն ետք բոլորին մէկ հարց կը հետաքրքրէր. ով է Լարիսա Ղարսլեան, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի այն երջանիկ մասնակիցը, որ պիտի հիւրընկալուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տունը:

Լարիսա Ղարսլեան կ՛ապրի Ջաւախքի Նինոծմինտա քաղաքին մէջ: Ընտանիքի աւագն է, ունի փոքր քոյր եւ եղբայր: Այս տարի գերազանց յառաջադիմութեամբ աւարտած է Նինոծմինտայի թիւ 1 հանրային դպրոցն ու ընդունուած Թիֆլիսի Իլիայի անուան պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունք: Նպատակն է աւարտելէ ետք  ուսումը շարունակել արտասահմանեան որեւէ ուսումնական հաստատութեան մէջ:

«Երբ իմացայ, որ պիտի հիւրընկալուիմ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տունը, շատ ուրախացայ: Մինչեւ հիմա չեմ կրնար զսպել զգացմունքներս: Ինծի համար երազանք էր վարչապետին հետ անձամբ ծանօթանալը: Ոչ միայն վարչապետին, այլեւ անոր ընտանիքին, քանի որ շատ կը սիրեմ անոնց: Անոնք ինծի համար հայ ընտանիքի իտէալ են: Թէեւ այս ամէնը դեռ շատ անսպասելի է ինծի համար, բայց ամէն ինչ կ’ընեմ, որ վարչապետը գոհ մնայ ինծմէ ու վստահ եմ, որ հիանալի կ’անցնի ժամանակս անոնց տան մէջ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լարիսան:

Խօսելով իր նախասիրութիւններուն մասին` Լարիսան նշեց, որ շատ կը սիրէ պարել, 10 տարի յաճախած է պարի: Նաեւ դաշնամուր կը նուագէ ու յաճախած է երաժշտական դպրոց: Լարիսան կը սիրէ նաեւ կարդալ, անընդհատ սորվիլ ու նոր բաներ բացայայտել: Եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը անոր հնարաւորութիւն պիտի տայ նորովի բացայայտելու Հայաստանը:
«Հայաստանը շատ կը սիրեմ, ու չնայած  քանի մը անգամ այցելած  եմ ընտանիքիս հետ, բայց չեմ կրցած այցելել տեսարժան վայրեր: Այս ծրագիրը շատ լաւ հնարաւորութիւն է ինծի համար, միաժամանակ պիտի կարենամ նոր ընկերներ ձեռք բերել, ծանօթանալ նոր մարդոց հետ»,-անկեղծացաւ Լարիսան:

Զրոյցի աւարտին Լարիսան դիմեց Շուշանին. «Ես նոյնպէս կ՛ողջունեմ Շուշանին, ու թէեւ զինք միայն հեռուէն կը ճանչնամ, բայց արդէն շատ կը սիրեմ ու կը վստահեցնեմ, որ հիանալի ժամանակ պիտի անցնենք միասին»:

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթին մէջ.

 

Scroll Up