«ՀՀ Քաղաքացին Պէտք Է Ըլլայ Ու Ապրի Արժանապատիւ, Ատոր Այլընտրանք Չկայ». Սփիւռքի Նախարար

Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ «Հայաստան հիմնադրամ»-ի  4-րդ ամէնամեայ դրամահաւաքը Գիւմրիի համար: 7 ժամուան ընթացքին հանգանակուեցաւ 562․000 ԱՄՆ տոլար, որուն արդիւնքով եւս  քանի մը գիւմրեցի ընտանիք ընդմիշտ կը լքէ տնակն ու կը տեղափոխուի  նոր ու յարմարաւէտ տուն:

Հեռուստամարաթոնի ընթացքին  կոչով հանդէս եկաւ նաեւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Ան ընդգծեց, որ եկած է ժամանակը, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է  ըլլայ ոչ թէ գոյատեւելու վայր, այլ արժանապատիւ ու երջանիկ ապրելու հայրենիք: ««դոմիկները» Հայաստանի մէջ  այլեւս ընելիք չունին, սակայն ատոր հասնելու համար հարկաւոր է մէկտեղել մեր ջանքերը, ըլլալ միասնական, մէկը միւսին  հանդէպ հոգատար: ՀՀ քաղաքացին պէտք է ըլլայ ու ապրի արժանապատիւ, ատոր այլընտրանք չկայ», – ըսած է նախարար Հայրապետեան:

«Մեր Գիւմրին» խորագիրով հեռուստամարաթոնը իրականացուցած է ԱՄՆ «Հայաստան հիմնադրամ» կազմակերպութիւնը: Հեռուստամարաթոնին մասնակցած են ինչպէս հիմնադրամի բարերարները, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող քաղաքացիները:

Համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ 3 տարիներուն ընթացքին 38 ընտանիք արդէն հրաժեշտ  տուած է տնային կեանքին: Իրենց հերթին կը սպասեն աւելի քան 2000 ընտանիք:

 

Scroll Up