Նպաստաւոր Պայմաններ` Սպահանի Պետական Համալսարանի Հայոց Լեզուի Եւ Գրականութեան Բաժինին Մէջ Ուսումը Շարունակել Ցանկացողներուն Համար

Սպահանի Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական եւ Համալսարանական կրթաթոշակներու հոգաբարձութեան խորհուրդներու որոշումներու հիման վրայ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են Սպահանի պետական համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինին մէջ ուսումը շարունակել ցանկացող իրանահայ զաւակներուն համար:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ Սպահանի պետական համալսարանի աւելի քան 50 տարուայ անցեալ ունեցող Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի հիմնադրման եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ բաժանմունքի շէնքի կառուցման գործին մէջ իր դերակատարութիւնն ու ներդրումն ունեցած է Սպահանի Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը: Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն բաժանմունքի աշխատանքներու սահուն ընթացքը խանգարած են երկու հանգամանք` ամպիոնի գիտական խորհուրդին մէջ դոկտորական աստիճանով դասախօսներու եւ բաւարար թիւով ուսանողներու պակասը:
Ամպիոնի պատասխանատուներու նախաձեռնութեամբ քայլեր իրականացուած են դասախօսական կազմի համալրման ուղղութեամբ, ըստ որուն` արտօնագիր ունեցող երկու ուսանողներ (մէկը հայ) ներկայացուած են Երեւանի պետական համալսարան` դոկտորական մակարդակին մէջ ուսանելու: Այս հարցին ժամանակաւորապէս լուծում տալու նպատակով` թեմի ազգային իշխանութեան համագործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայաստանէն հրաւիրուած են դասախօսներ:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ճիւղը ընդունուելու պայմաններուն ծանօթանալու համար Թեմական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ յուլիս 14-ին Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի «Ծաղկեայ» դահլիճին մէջ կայացաւ հանդիպում, որուն ներկայ էին Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի հայ համայնքներէն անդամներ, յատկապէս` երիտասարդներ:
Հանդիպման սկիզբը Թեմական խորհուրդի անդամ Սոնիկ Բաղումեան հակիրճ ներկայացուց այս ճիւղն աւարտածներուն համար Իրանի եւ Հայաստանի մէջ առկայ աշխատանքային հնարաւորութիւնները:
Այնուհետեւ դոկտոր Նորայր Թումանեան, որ եւս Թեմական խորհուրդի անդամ է եւ կը հանդիսանայ թեմի Համալսարանական կրթաթոշակներու հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահը, անդրադառնալով ամպիոնի ներկայ դժուարութիւններուն` լուսաբանեց այն նպաստաւոր պայմանները, որոնք ստեղծուած են ազգային իշխանութեան կողմէ` այս ճիւղին մէջ առաւել չափով հայ ուսանողներ ընդգրկելու համար:
Այսպէս, Հայոց լեզու եւ գրականութիւն ճիւղին մէջ ուսանիլ ցանկացողները պէտք է ունենան միջնակարգ դպրոցի վկայան, իսկ արուեստի դպրոց աւարտածները` որեւէ ճիւղի գերտիպլոմ: Ընդունուելու համար հարկաւոր է մասնակցիլ ընդհանուր մրցոյթի շրջագիծին մէջ օտար լեզուներու բաժնի մուտքի քննութեան: Քննութիւնը չյաջողելու պարագային հաշուի կ՛առնուի մասնակիցի հայ ըլլալը, որուն շնորհիւ ալ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի ուսումը շարունակելու համար:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ճիւղը ուսանիլը անվճար է, սակայն Սպահանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդն այս ճիւղի իրանահայ ուսանողներուն պիտի յատկացնէ մէկ միլիոն թուման նիւթական օժանդակութիւն` իւրաքանչիւր կիսամեակի համար: Բոլորը կրնան օգտուիլ այս նպաստաւոր հնարաւորութենէ, բացառաբար այն անհատները, որոնք նախապէս արտօնագիր ստացած են Իրանի որեւէ պետական համալսարանէ:
Աւելցնենք, որ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել Սպահանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի Հանրային կապի գրասենեակ: