Կայացաւ Փարիզէն Ժամանած «Արարատ» Պարախումբին Համերգը

Յուլիս 28-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Փարիզի «Արարատ» պարախումբի  հիմնադրման 15-ամեակին:

Համերգին ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի սրբազան առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Իսի Լէ Մուլինոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Տէր Աւետիս Փալեքեան, եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Հայկազ Տրդատեան եւ այլք:

Համերգի ընթացքին «Արարատ» պարախումբը ներկայացուց հայկական ժողովրդական պարեր: Ձեռնարկին աւարտին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան նախարարութեան պատուոգիրով պարգեւատրեց պարախումբը` 15-ամեայ գործունէութեան համար:

«Արարատ» պարախումբը  հիմնադրուած  է 2003 թուականին` Փարիզի մէջ: Գեղարուեստական ղեկավարներն են Արամ եւ Քաթրին Արզումանեանները: Պարախումբի  200 սաներէն  համերգին Հայաստան  ժամանած են 60 պարող:

Scroll Up