Բիւրականի ՄԷջ Կայացաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Եւ 11-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական Բանակումի Փակման Արարողութիւնը

Յուլիս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Բիւրականի բանակավայրին նէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին եւ 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, ՀՀ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպանը, հասարակական գործիչներ, պատուաւոր այլ հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ներկայացուց հիւրերուն, կեդրոնական վարչութեան անունով ողջունեց վեհափառ տիրոջ այցելութիւնը բանակավայր:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն իր խօսքը սկսաւ տէրունական աղօթքով: Շնորհաւորելով ՀՄԸՄ 100 ամեակին առթիւ` ան աւելցուց. «Ուրախ եմ գտնուել ձեզ հետ, ձեր մէջ: Շնորհիւ մեր հաւատքի ու մշակոյթի մեր ազգը վերապրեց ամենածանր փորձութիւնները, կարողացաւ վերակերտել պետականութիւնը: Այս տարի մեծ շուքով տօնախմբում ենք Հայոց պետութեան 100 ամեակը: Վստահ եմ, որ այս բանակավայրում, այս բարձունքի վրայ զգում էք հայոց հողի ուժն ու զօրութիւնը եւ տուն պիտի վերադառնաք աւելի զօրացած: Վստահ եմ, որ մեր հայրենիքի ձեռքբերումները հպարտութեամբ են լցնում ձեր սիրտն ու հոգին»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի փոխնախարար, նախկին ՀՄԸՄ-ական Բաբգէն Տէր Գրիգորեան: Դիմելով ՀՄԸՄականներուն՝  ան հայրենիք վերադառնալու կոչ ըրաւ. «Սիրելի ՀՄԸՄ-ականներ: Իմ ուղերձը շատ յստակ է՝ եկէք Հայաստան: Կեանքի կոչէք «Դէպի Երկիր» կարգախօսը: Մաս կազմէք պետականաշինութեան գործընթացին: Սա ոչ միայն ձեր հայրենիքն է, սա ձեր երկիրն է, ձեր պետականութիւնը, երբեք ատիկա չմոռնաք: Հայրենիքը սիրով կը սպասէ ձեզ: Մենք միասին պիտի կերտենք մեր ազգի լուսաւոր ապագան, միասին պիտի կառուցենք այն նոր Հայաստանը, որ ձեռք բերուեցաւ մեր թաւշեայ, ոչ բռնի, ժողովրդական յեղափոխութեան արդիւնքով: Ինչպէս պարոն Վարչապետը նշեց, թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ըստ էութեան, կեանքի  կոչած է ՀՄԸՄ-ի կարգախօսը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Տրամաբանօրէն, կրնանք արձանագրել, որ յեղափոխութեան յաղթանակն ալ  ձերն է: Դարձեալ կը կրկնեմ, սա պէտք է միշտ յիշել եւ հպարտանալ: Կը շնորհաւորեմ ձեզ, ձեր յաղթանակին առիթով»:

Յուլիս 19-29 Հայաստանի մէջ մեծ շուքով կը նշուի ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ յոբելեանը` ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի, Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած` «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» խորագիրով 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին մասնակցելու համար Հայաստան  ժամանած է 1200 ՀՄԸՄ-ական` ԱՄՆ-ի,Գանատայի, Աւստրալիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Ամմանի, Իրանի, Իրաքի, Քուէյթի, Իսրայէլի, Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Աւստրիոյ, Շուէտի, Պուլկարիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու 26 քաղաքներէ:

Scroll Up