Փարիզի «Արարատ» Պարախումբը Ելոյթ Ունեցաւ Վանաձորի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/07/1-5.jpg)
Յուլիս 24-ին Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Վանաձորի մէջ ելոյթ ունեցաւ Փարիզէն ժամանած «Արարատ» պարախումբը, որ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրման 15 ամեակը: Պարախումբն առաջին անգամ է, որ հանդէս կու գայ Հայաստանի մէջ:
Համերգին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լոռիի փոխմարզպետ Սերգէյ Սարուխանեան: Ան շնորհաւորեց պարախումբի յոբելեանը եւ բարի երթ մաղթեց:
«Արարատ» պարախումբը համերգով հանդէս կու գայ նաեւ յուլիս 28-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ: