Սփիւռքի Նախարարը Պաշտօնական Այցով Մեկնած Է Կիպրոսի Հանրապետութիւն
Յուլիս 24-27 ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Կիպրոսի նախագահի Արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուի հրաւէրով կ՛այցելէ Կիպրոսի Հանրապետութիւն` Նիքոսիոյ մէջ իրականացուող «Կիպրացիներու համաշխարհային համաժողով»-ին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան ձեւաչափով Սփիւռքի հարցերու շուրջ եռակողմ երրորդ հանդիպման մասնակցելու նպատակով: Պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նունէ Այլանջեան:
Այցի առաջին օրը նախարարը պիտի հանդիպի Կիպրոսի նախագահի` Արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուի հետ: Պիտի քննարկուին հայ-կիպրական յետագայ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Յուլիս 25-ին նախարարը պիտի այցելէ Նիքոսիոյ «Makedonitissa» ռազմական յուշահամալիր եւ ռազմական գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ կը դնէ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելով 1974թ. յուլիսին Թուրքիոյ զօրքերուն կողմէ Կիպրոս ներխուժման արդիւնքով կիպրացի եւ յոյն զոհուածներու յիշատակին:
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ ՀԲԸՄ Նիքոսիոյ գրասենեակի ղեկավար կազմի, ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի ծրագիրներու պատասխանատու Վազգէն Եակուբեանի հետ, այնուհետեւ անոնց ուղեկցութեամբ կ’այցելէ «Մելքոնեան» կրթական հաստատութիւն:
Նոյն օրը` երեկոյեան, նախարարի պատուիրակութիւնը Նիքոսիոյ Ֆիլեքսոնիա կեդրոնին մէջ պիտի մասնակցի «Կիպրացիներու համաշխարհային համաժողով»-ի բացման արարողութեան:
Յուլիս 26-ին` առաւօտեան նախարարը պիտի հանդիպի Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիադիսի հետ, պիտի մասնակցի Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ եռակողմ երրորդ հանդիպման:
Նոյն օրը Սփիւռքի նախարարը կը հանդիպի Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին, Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ, իսկ երեկոյեան կը մեկնի Նիքոսիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարան, հանդիպումներ կ’ունենայ տեղի հայ համայնքի եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Յուլիս 27-ին կ’աւարտի նախարարի պաշտօնական այցը Կիպրոսի Հանրապետութիւն: