Սփիւռքահայ Երիտասարդներն Արցախի ՄԷջ Փորձնական Ուսուցում Կ՛իրականացնեն

ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ այս ամառ սփիւռքահայ երեք երիտասարդներ փորձուսուցում  կ՛իրականացնեն Արցախի մէջ: Ինչպէս կը նշէ Արցախի մէջ կամաւորական աշխատանք կատարող խումբի պատասխանատու Էմիլիա Տէր-Սարգիսեան, գաղափարը յառաջացած է քանի մը տարի առաջ:

«Սփիւռքի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Արցախի նկատմամբ, բայց տարբեր ծրագիրներով այստեղ ժամանելու շատ քիչ հնարաւորութիւններ կան: Մեծամասամբ կ՛այցելեն  քանի մը օրով` ծանօթանալու, որ շատ քիչ է Արցախը լիովին ճանչնալու համար եւ հիմնականին մէջ մակերեսային է»,- aparaj.am-ի հետ զրոյցին նշած է Էմիլիան:

Արցախի մէջ ՀՅԴ ԱՄՆ երիտասարդական միութիւնը խոշոր ծրագիր կ՛իրագործէ` բակային ճամբարներու ծրագիրը, սակայն այն միայն երկու շաբաթ կը տեւէ: Ուրիշ ծրագիր մը  պէտք էր Արցախն աւելի լաւ ճանչնալու համար: Բացի ատկէ, Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ նմանատիպ ծրագիրներ կ՛ըլլային, որոնցմէ Արցախը դուրս կը մնար: Եւ ահա կազմաւորուեցաւ յանձնախումբ եւ Արցախի մէջ փորձուսուցում անցնելու ծրագիրը կամաց-կամաց իրականութիւն դարձաւ:

«Նախորդ տարի պիտի գայինք, բայց կազմակերպական  շարք մը հարցեր կային, եւ յետաձգեցինք աւելի լաւ պատրաստուելու համար»,- մանրամասնութեամբ կը պատմէ Էմիլիան: 2018թ. յունուար ամիսէն արդէն մասնակցութեան համար յայտարարութիւն  տարածուած էր: Ճիշդ է` Արցախի մէջ ծրագիրին մասնակցիլ ցանկացողները շատ էին, բայց անոնցմէ ընտրուած են երեք հոգի: Էմիլիան կ՛աշխատի «Սիներջի Սիսթեմս» ընկերութեան մէջ, ծրագիրի միւս մասնակից Մանէ Գրիգորեանը` Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին մէջ, իսկ Սեւակ Ինջէյեանը` Արցախի Հանրապետութեան Բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութեան մէջ: Երիտասարդները ոլորտներն ընտրած են ըստ իրենց մասնագիտութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն:

Փորձուսուցումը պիտի տեւէ 6 շաբաթ` յունիսի վերջէն մինչեւ օգոստոսի սկիզբը:

Երիտասարդները գոհ են ծրագիրին ընթացքէն, ստացած գիտելիքներէն ու ձեռք բերած փորձէն, եւ յոյս ունին ընձեռնուած հնարաւորութեան շնորհիւ ոչ միայն աւելի լաւ կը ճանչնան Արցախն ու արցախցիները, այլ աւելի կը  մասնագիտանան իրենց բնագաւառներուն մէջ, ձեռք բերելով նոր փորձառութիւն ու մասնագիտական որակներ:

 

Scroll Up