Պրազիլի Հայոց Թեմէն Խումբ Մը Երիտասարդներ Այցելեցին Մայր Աթոռ
Յուլիս 12-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Պրազիլի Հայոց թեմի ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պերպերեանի: Երիտասարդ ուխտաւորները օրերս կայացած` «Դէպի Հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներէն էին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ուրախութիւն արտայայտեց Պրազիլի ազգասէր եւ եկեղեցանուէր զաւակներու` Հայաստան կատարած այցի առիթով: Իր հայրապետական սէրն ու օրհնութիւնը բերելով երիտասարդներուն` Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ անոնք կապուած կը մնան Հայրենիքին ու Մայր Եկեղեցւոյ եւ իրենց աշխոյժ ներգրաւուածութեամբ կը շարունակեն զօրացնել հայոց ազգային-հոգեւոր կեանքը:
Նորին Սրբութեան հետ զրոյցին երիտասարդները հաստատեցին, որ ոգեւորուած են երիտասարդական հաւաքի մասնակցութեամբ եւ հայրենակիցներուն հետ ծանօթութեամբ, իսկ Հայրենիք ուխտագնացութիւնն իրենց համար նկատեցին մեծ փորձառութիւն:
Յուլիս 4-8 «Դէպի Հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսին ներքոյ Հայաստանի մէջ կայացաւ համահայկական երիտասարդական հաւաք, որուն մասնակցեցան աւելի քան 20 երկիրներէ շուրջ 400 եկեղեցասէր երիտասարդներ, անոնցմէ 11-ը`Պրազիլի թեմէն: