Արժանթինի «Գայեանէ» Պարախումբը Համերգներով Հանդէս Կու Գայ Երեւանի ՄԷջ
Աւելի քան 650 հանդիսատես հաւաքուած էր Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնի «Սիրանուշ» սրահին մէջ` հրաժեշտ տալու Արժանթինահայ մշակութային միութեան «Գայեանէ» պարախումբին, որ յաջորդ շաբաթ կը մեկնի Հայաստան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, «Գայեանէ» պարախումբէն բացի Հայկական մշակոյթի տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երգիչ Փապլօ Քույումջեանը, Արժանթինահայ մշակութային միութեան նուագախումբը, «Թագուհի» երգչախումբը` մաեստրօ Անտի Ստեփանեանի ղեկավարութեամբ եւ «Գայեանէ» պարախումբի սկզբնական խումբը:
Երեկոն վարեց երիտասարդ Իւան Բիսէգլիան:
Կազմակերպութեան անունէն ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Արժանթինահայ մշակութային միութեան նախագահ Ատրիան Լոմլոմջեան: Այնուհետեւ վարչութեան անդամ Ռոխելիա Քորուագլիայի հետ միասին Հայ կեդրոնի նախագահ Գառլոս Մանուկեանին յանձնեց յուշանուէր` Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի 80-ամեակի կապակցութեամբ:
Հայաստանի մէջ «Գայեանէ» պարախումբը պիտի ներկայանայ համերգներով` յուլիս 23-ին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնին մէջ եւ յուլիս 25-ին Ստեփանաւանի մշակոյթի պալատին մէջ: