Քննարկում Լիբանանի ՀՀ Դեսպանատան ՄԷջ` Հայաստանի Եւ Սփիւռքի ԶԼՄ-ներու Պատասխանատուներու Մասնակցութեամբ
Յուլիս 10-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան յարկէն ներս կայացաւ քննարկում, որուն մասնակցեցան «Արմէնպրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, լիբանանահայ «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք» օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներ Շահան Գանտահարեան, Անի Եփրեմեան, Սեւակ Յակոբեան եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Լիբանանի մէջ հայ համայնքին հետ տարուող աշխատանքներու դիւանագէտ Վլադիմիր Պօղոսեան, քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքահայ տպագիր մամուլի խնդիրներուն, Հայաստանի լրատուամիջոցներուն հետ համագործակցութեան` առաջնորդող յօդուածներու եւ վերլուծականներու կանոնաւոր փոխանակման առումով:
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն նուիրուեցաւ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն` որպէս Սփիւռքի հայ մամուլի իւրօրինակ հրատարակութիւններ: Դիտարկուեցան օրաթերթերու սփռման շրջանակներու ընդլայնման, երիտասարդ ընթերցողներու ներգրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք անհրաժեշտ քայլեր:
Մասնակիցները կարեւոր համարեցին յառաջիկային խորհրդաժողովի իրականացումը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ հայ տպագիր մամուլի (օրաթերթերու) օրակարգային հարցերուն: