ՀՀ Պետական Լեզուն Հայերէնն Է. Արայիկ Հարութիւնեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Լեզուն հայերէնն Է:
Լեզուի մասին ՀՀ օրէնքի 4-րդ յօդուածի «բ» ենթակէտով կը սահմանուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմինները, ձեռնարկութիւնները, հիմնարկներն ու կազմակերպութիւնները պարտաւոր են «համագումարներուն, նստաշրջաններուն, ժողովներուն, գիտաժողովներուն, հրապարակային ատենախօսութիւններու եւ պաշտօնական ու զանգուածային այլ ձեռնարկներու ժամանակ ապահովել ոչ հայերէն ելոյթներու զուգահեռ հայերէն թարգմանութիւնը»:
Յարգելի տնտեսվարողներուն, հիւրանոցներու սեփականատէրերուն, այլ տարածքներ վարձով տրամադրող ընկերութիւններուն կոչ կ՛ընեմ իւրաքանչիւր կազմակերպիչի զգուշացնել այս օրէնքի հնարաւոր խախտման եւ համաժամանակեայ թարգմանութեան պարտադիր ըլլալուն մասին: Այս կապակցութեամբ շուտով կ’ուղարկուին շրջաբերականներ:
Յառաջիկային հանդէս կու գանք նախաձեռնութեամբ, որպէսզի այս կէտը խախտող տնտեսվարողները` ձեռնարկի կազմակերպիչները խիստ տուգանուին այս դրոյթը խախտելու համար:
Արայիկ Յարութիւնեան
ՀՀ ԿԳ նախարար