Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Երեւանի Մէջ. տեսանիւթ

Յուլիս 19-29-ը Հայաստանի մէջ պիտի նշուի Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) մէկդարեայ յոբելեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի բարձր հովանիի ներքոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աջակցութեամբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, 2800-ամեայ քաղաքամայր Երեւանը կը հիւրընկալէ շուրջ 3000 ՀՄԸՄ-ներ, որմէ 1200-ը սկաուտ` մասնակցելու 11-րդ սկաուտական բանակումին Բիւրականի եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներու Երեւանի ու Գիւմրիի մէջ:
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) հիմնադրուած է 1918թ. Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Կազմակերպութիւնն իր ազգանուէր գործունէութիւնը կ՛իրականացնէ 24 երկրի մէջ` «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» կարգախօսի ներքոյ:
ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ ներգրաւուած են տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, որոնք ստանալով ազգային դաստիարակութիւն` նպաստած են Հայաստանի զարգացման ու Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան: