Պելառուսական Անձնագիրով Հայը Այցելած է Ատրպէյճան ու Հասած Ծնողներու Տուն. Լափշին Տեսանիւթ Հրապարակած է

Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի էջատէր Ալեքսանդր Լափշինը՝ դիմատետրի իր էջին հրապարակած է տեսանիւթ մը, որուն հեղինակը, հայ ներկայանալով, կը պատմէ, թէ ինչպէս կրցած է պելառուսական անձնագիրով մեկնիլ Ատրպէյճան:

«Պելառուսական անձնագիրով հայը, որ կրցած է ժամանել Ատրպէյճան ու հասնիլ Գեանջայի մէջ (Կիրովաբադ) գտնուող իր ծնողներու տուն»,- ըստ Artsakhpress.am-ի գրած է Լափշին:

Ան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը, ռասիստական նկատառումներէ մեկնելով, թոյլ չի տար հայերուն երկիր մուտք գործելու: «Ինչ կը վերաբերի անոր ծնողներուն եւ Գեանջային, նշեմ, որ հայերը այնտեղէն փախած են Ղարաբաղեան պատերազմին ժամանակ, իսկ անոնց տուներուն մէջ այժմ ատրպէյճանցիներ կ՝ապրին»,- նշած է էջատէրը՝ նկատելով, որ Ատրպէյճանի անվտանգութեան աշխատակիցները չեն արձանագրած անոր հայ ըլլալուն հանգամանքը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ երիտասարդը կրցած է հիանալի նիւթ նկարահանել ու վերադառնալ:

«Անոր կարճատեւ ֆիլմը ցոյց կու տայ հասարակ ատրպէյճանցիներուն աղքատութիւնն ու չարութիւնը, սարսափելի հայաֆոպիան ու ամէնուր տիրող լրտեսամոլութիւնը: Ատրպէյճանէն ետք տղան մեկնած է Հայաստան, ապա Ղարաբաղ»,- գրած է էջատէրը:

Ան կը նկատէ, որ նիւթ նկարահանած երիտասարդը մեծ վտանգի դիմած է նման քայլով, քանի որ միայն Գեանջայի մէջ ուղղակի քալելն ու հայերու ձգած տուներուն մասին հարցնելը կրնար յանգեցնել երիտասարդի սպանութեան՝ նախքան նոյնիսկ ձերփակալելը: «Կը սպասենք յաւելեալ անուն՝ մեր պատուաւոր ցուցակին մէջ, այսինքն Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ»,- կատակած է Լափշին:

Տեսանիւթը ռուսերէն է.

Scroll Up