Ջաւախքին Նուիրուած Բարեգործական Դաշտահանդէս Նոր Ջուղայի Մէջ

Նոր Ջուղայի «Հայուհեաց» բարեգործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ ամէնամեայ կարգով կազմակերպուող Ջաւախքին եւ ջաւախահայութեան նուիրուած բարեգործական դաշտահանդէսն այս տարի կայացաւ յունիս 29-ին` Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան շրջաբակին մէջ: «Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով norjugha.ir կայք-էջին, կը յայտնէ, որ ձեռնարկի կազմակերպման գործին մէջ ընկերութեան հետ սերտ համագործակցութիւն ցուցաբերած էր Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը:
Խանդավառ մթնոլորտով այս ծրագիրին մէջ նախատեսուած էին հետաքրքիր խաղեր, երգ-երաժշտութիւն եւ համեղ ուտելիքներ: Նախատեսուած էր նաեւ նուիրահաւաքի կրպակ, ուր ցանկացողներն առիթ ունեցան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել` ի նպաստ Ջաւախքին եւ ջաւախահայութեան:
Դաշտահանդէսի հասոյթը պիտի յատկացուի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած «Ջաւախք» հիմնադրամին: