Վարդավառի Տօնին Ախալցխայի Մէջ Կազմակերպուեցաւ Ուխտագնացութիւն Դէպի «Մայր Եկեղեցի» Մատուռ

Յուլիս 8-ին, Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին (Վարդավառ) առիթով, Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն դէպի Ծուղրութ գիւղի շրջակայքը գտնուող խոնարհուած «Մայր Եկեղեցի» կոչուող մատուռ։
Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ Սրբատեղին դարեր շարունակ եղած է ուխտատեղի հաւատացեալներու համար՝ յատկապէս Վարդավառի տօնին, սակայն վերջին տարիներուն երբեք այնտեղ պատարագ չէ մատուցուած։
Հրաշագործ սուրբ Մատուռին՝ «Մայր Եկեղեցի»-ին մէջ, Սբ․ Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Ախալցխայի շրջաններու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Թորգոմ Քահանայ Վարդանեանի։
Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու հաւատացեալ ուխտաւորները։
Ախալցխայի եւ Պորժոմիի շրջաններու հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեան, յաւուր պատշաճի մեկնեց օրուան խորհուրդը եւ կրկին անգամ պատմեց մեր օրերուն տեղի ունեցած հրաշքներուն մասին, որոնք տեղի ունեցած են «Մայր Եկեղեցի» այցի եկած շարք մը հայորդիներու հետ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի՝ ներկայ հաւատացեալ ուխտաւորները շնորհաւորեցին իրարու Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին առիթով։