Հանդէսը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․Տ․Շահան Սրբ․Արք․Սարգիսեանի: Ներկայ էին նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Խնամակալութիւնը, վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանը, Ծնողաց Յանձնախումբը, Ուսուցչական Կազմը, ինչպէս նաեւ աշակերտներու ծնողներն ու հարազատները։

Հանդէսի բացման խօսքը արտասանեցին Թ․կարգի աշակերտները, հայերէնով՝ Մեղեդի Գույումճեանն ու Յարութ Իսկէնեանը, իսկ արաբերէնով՝ Գլարիթա Գարգուրն ու Պիաթրիս Հազիմը: Ապա բեմ բարձրացաւ Թ․եւ ԺԲ․ կարգերու աշակերտներէն բաղկացած երգչախումբը, ներկայացնելով փունջ մը հայկական ու արաբական հայրենասիրական երգեր, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժշկ․ Սարգիս Իսկէնեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Օհանեանի։ Երգչախումբէն ետք, աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական գունեղ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր հայերէն ու արաբերէն ասմունք, ինչպէս նաեւ մեներգ, պար ու նուագ։ Աշակերտները ասմունքեցին նաեւ վարժարանիս արաբերէն լեզուի ուսուցիչ եւ դաստիարակ տիար Արա Մութաֆեանի գրած եւ վարժարանին նուիրուած արաբերէն բանաստեղծութիւնը։

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, բեմ բարձրացան վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանն ու ընդհանուր տեսուչ Մարալ Դերձակեանը, որոնք պարգեւատրեցին նախորդ տարուան Թ. եւ ԺԲ․ կարգերու պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտները, այս տարեշրջանի Թ․եւ ԺԲ․ կարգերու հայերէն լեզուի նիւթին մէջ գերազանց աշակերտները, որոնց «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան կողմէ թերթի տարեկան բացառիկ հատորէն մէկական օրինակ նուիրուեցաւ։ Պարգեւատրուեցան նաեւ ԺԱ․ կարգի «Արմէն Յարութիւնեան» մրցումի հայոց պատմութեան եւ շարադրութեան առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները։ Յատուկ գնահատագիրներով եւ ծաղկեփունջերով պարգեւատրուեցան վարչական կազմէն՝ Թագուհի Քէշիշեան, Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեան եւ Մարիա Եղիայեան:

Պարգեւատրումներուն յաջորդեց Կրթասիրաց Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրորդական Վարժարանի Տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի խօսքը: Ան յայտնեց, որ 1924-ին նուիրեալ հիմնադիրներու տեսլականով հիմնուած Կրթասիրաց կրթօճախը, մնալով իր սուրբ առաքելութեան հաւատարիմ, մինչեւ օրս կը շարունակէ պատրաստել հայ ազգի արժանաւոր զաւակներ, օժտուած գիտութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ:

Պարոն Անդրանիկը շնորհաւորեց 2017-2018 տարեշրջանի շրջանաւարտ աշակերտները՝ մաղթելով բարեյաջող երթ ուսումնակրթական եւ գործնական իրենց ասպարէզին մէջ:

Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ուսուցչական ողջ կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք գուլիսներու ետին իրենց ներդրումը բերին սոյն հանդէսի յաջողութեան, վարժարանի հոգատար բոլոր մարմիններուն ի մասնաւորի Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան եւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ վարժարանին սատար հանդիսացող բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանին՝ իր հայրական բարձր հովանաւորութեան եւ հոգատարութեան համար:

Վկայականաց բաշխումէն առաջ, շրջանաւարտներուն կողմէ հրաժեշտի խօսք արտասանեցին Արաքս Պօղոսեան, Արէն Իսկէնեան եւ Յակոբ Խաչոյեան՝ հայերէն, իսկ Մովսէս Հինտոյեան, Սելիմ Իպրահիմ եւ Իւսէֆ Խուրի՝ արաբերէն։ Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում՝ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի, որ աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանելով ըսաւ, որ Կրթասիրաց կրթօճախը ազնիւ քաղաքացի եւ ազնուական հայ մարդ կը պատրաստէ: Ան իր հպարտութիւնը յայտնեց ի տես սերունդներու յաջորդականութեան՝ դիտել տալով, որ անոնք մեր ապագայ կեանքին մէջ իրենց կարեւոր խօսքն ու գործը պիտի ունենան:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց աշակերտները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, ի մասնաւորի ուսուցչաց կազմին, որուն նուիրեալ աշխատանքով կը դաստիարակուին սերունդներ: Սրբազան հայրը երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ սուրիական բանակին եւ անոր իմաստուն ղեկավար տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Հանդէսին յաջորդող օրը Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան պարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ աշակերտական խրախճանք, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հալէպի սեփական դպրոցներու տնօրէն Ատնան Սապպաղ եւ վարժարանի պետական տնօրէն Մուհամմէտ Հաֆէզ: Խօսք առին վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանն ու Հալէպի սեփական դպրոցներու տնօրէն Ատնան Սապպաղը, որոնք շնորհաւորական խօսքերով գօտեպնդեցին շրջանաւարտ աշակերտները: Կարկանդակի հատումէն ետք, աշակերտները ճոխ մթնոլորտի մէջ, իրենց յոգնութիւնը թօթափելով, ուրախ ժամեր անցուցին միասին:

Յուշիկ Ղազարեան