«Բուն Բարեկենդան»ի եւ «Տեառնընդառաջ»ի զոյգ տօները նշուեցաւ Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանի Մէջ

Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանը հիմնուած օրէն առ այսօր, անխախտ պահած է, Հայկական Տօնացոյցի աւանդական տօնակատարութիւնները։ 13 Փետրուարին «Բուն Բարեկենդան»ի եւ «Տեառնընդառաջ»ի զոյգ տօները մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ վարժարանէս ներս, թէ ուսուցչական կազմի եւ թէ աշակերտութեան կողմէ։ Նախակրթարանի աշակերտներուն դիմայարդարումէն ետք (դաստիարակներուն կողմէ), բոլորը համախմբուեցան վարժարանին բակը։

Հայերէնաւանդ ուսուցչուհին նախ հակիրճ կերպով բացատրեց օրուան զոյգ տօներուն իմաստը, որմէ ետք 5_րդ կարգի աշակերները դերասանական վարպետութեամբ ներկայացուցին Յ. Թումանեանի “Բարեկենդանը” , մեծ հրճուանք ու ծիծաղ պատճառելով ներկաներուն սրտերուն մէջ։

Ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած “Ոսպ Ապուր”ի հիւրասիրութենէն ետք բոլորը համախմբուեցան բակին կեդրոնը զետեղուած խարոյկին շուրջ, եւ Հոգեւոր Հօր` Հ. Արիստակէս Մանուկեանի ձեռամբ այրեցին Ձմեռը յատկանշող ՁԻՒՆԱՄԱՐԴԸ , անհամբեր սպասելով Գարնան պայծառ օրերը։

Ալին Բանոյեան

Scroll Up