Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի 9-րդ Եւ 12-րդ Կարգերու Նուիրման Պաշտամունք Եւ Շրջանաւարտից Հանդիսութիւն

Գանձասար- Կիրակի, 24 Յունիս 2018-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանը արդար հպարտութեամբ շրջանաւարտից սերունդ մը եւս նուիրեց հալէպահայ գաղութին:

Աւանդաբար, այս տարի եւս, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Նուիրման Պաշտամունք, ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոծ բազմութեան: Սոյն պաշտամունքով աշակերտները կեանքի նոր փուլ կ’առաջնորդուին գիտութեամբ զինուած ու կը խոստանան տիրոջ ներկայութեան շարունակել իրենց ճանապարհը:

Պաշտամունքը սկսաւ փառաբանութեան երգերով եւ աղօթքներով: Ապա վերապատուելի համայնքապետը իր պատգամը տալով անդրադարձաւ մասնագիտական ուսման կարեւորութեան, յատկապէս իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն դիտել տալով, որ մարդ անհատը որքան ալ գիտելիքներ ձեռք բերէ իր կեանքին ընթացքին, պէտք է տեւաբար Աստուծոյ ներկայութեան ապաւինի՝ նորանոր բարձունքներու հասնելու եւ կատարելագործուելու:

Շրջանաւարտները պաշտամունքին իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը: Թ.կարգի աշակերտները երգեցին «Եկէ՛ք տօնենք» եւ «Սարդարապատ» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեաքալեանի: Ապա Մասիս Արսլանեան (ջութակ) դասական երաժշտութենէն պատառիկ մը հրամցուց: Աւարտին, Թ.կարգէն Մարինա  Ֆարահ արաբերէն, իսկ ԺԲ. կարգէն Մասիս Արսլանեան  հայերէն ուղերձներով հանդէս եկան:

Նուիրման պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ վերապատուելիին առաքելական օրհնութեամբ:

Այնուհետեւ շրջանաւարտից հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, հովանաւորութեամբ վերապատուելի համայնքապետին, ներկայութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, պատկառելի հիւրերուն եւ սիրելի ծնողներուն:

Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան բացման աղօթքը կատարեց, ապա ելոյթ ունեցաւ  վարժարանիս աշակերտական երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ Մարգարիտ Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պօզեաքալեանի:

Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Արուսեակ Տէր Արթինեան-Հալլաճեանը:

Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին: Թ.կարգի շրջանաւարտները անկախութեան սերունդ դառնալու հպարտութեամբ  ներկաներուն հրամցուցին գեղեցիկ ասոյթներով եւ ասմունքներով համադրում մը՝ անկախութեան կարեւորութեան ու անոր պահպանման մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով: Ապա Թ. եւ ԺԲ. կարգերու աշակերտները անկախութեան նուիրուած խօսքերով եւ ասմունքներով շարունակեցին ելոյթը, որմէ ետք ներկաներուն ներկայացան արաբական գեղեցիկ պարով:

Շրջանաւարտներէն խումբ մը աշակերտներ իրենց հայրենիքին հաւատարիմ մնալու խոստումը կատարեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» քերթուածով, ներկայացնելով թէ՛ հայերէն, եւ թէ անգլերէն տարբերակները: Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայկական պարով:

Հուսկ վերապատուելի համայնքապետին եւ տնօրէնութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրումն ու վկայականաց բաշխումը:

Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան այնուհետեւ  բեմ հրաւիրեց եւ գնահատեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ 2017-2018 տարեշրջանին պարգեւատրուած վարժարանի երեք ուսուցչուհիները: Պարգեւատրուողներն էին՝ Մարիա Սէրայտարեան եւ Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան «Երախտագիտութեան Մետալ»ով, իսկ Ալին Բանոյեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով:

Վերապատուելին եզրափակելով ըսաւ. «Այս տարի կը տօնախմբենք հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող երկու անկախութիւններ: Առաջինը՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, որով ամրապնդուեցաւ ժողովուրդը եւ հայրենիքը ու մենք մեր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահեցինք: Երկրորդը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակն է, որուն նպատակն էր ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայ ժողովուրդին օժանդակութեան ձեռք երկարել, որպէսզի ան կրկին վերածաղկի»: Վերապատուելին յիշատակելով այս բոլորը մաղթեց, որ Հայ ժողովուրդը հասնի իր տեսլականին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումին:

Այնուհետեւ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. « Գիտութիւնը եւ գիտութեան փուլերը կեանքի նոր մարտահրաւէրներ են մեր շրջանաւարտներուն դիմաց:  Անոնց առաջ կեանքի նոր ասպարէզներ պիտի բացուին ու անոնք նորանոր նուաճումներով պիտի ընթանան դէպի առաջ»: Ապա վերապատուելի համայնքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին` Պաշշար ալ Ասատին, որուն քաջարի կեցուածքներուն շնորհիւ Սուրիոյ դպրոցները եւ հաստատութիւնները պատերազմի ընթացքին  բաց պահեցին իրենց դռները: Վերապատուելի համայնքապետը այնուհետեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ ծաղկուն վերելք:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վերապատուելիին առաքելական օրհնութեամբ:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան

Scroll Up