ԵԽ-ն Կողմ Քուէարկած է ԵՄ-Հայաստան Համագործակցութեան Համաձայնագրին

Եւրոպական Խորհրդարանը կողմ քուէարկած է ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագրին եւ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրառում կատարած է ԱԺ պատգամաւոր Արմէն Աշոտեան: Ան մասնաւորապէս գրած է,- «ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին կողմ քուէարկած է 598, դէմ 52, ձեռնպահ 27 պատգամաւոր»:

Եւրոպական Խորհրդարանը Յուլիս 3-ի նիստին քննարկած է Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագրին համաձայնութիւն տալու հարցը, կը յայտնէ Աշոտեան գրելով,-

«Համաձայնագիրը գնահատուած է որպէս յաջողութեան պատմութիւն եւ պատմական հնարաւորութիւն, ընգծուած է, որ այն հնարաւոր դարձած է եւ ստորագրուած է նախորդ կառավարութեան օրօք։

«Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր համարուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու գործընթացին եւ OSCE ODIHR յանձնարարականներու կատարումը: Եւրոխորհրդարանը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հնարաւոր ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու»:

Բարձրացուած է նաեւ վիզաներու ազատականացման հարցը:

Կարեւոր նկատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ արագ կարգաւորումը:

Scroll Up