Ուսումնաճանաչողական Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Խորհրդակցութիւն Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
Յունիս 29-ին Հայրենիքի մէջ Սփիւռքի պատանիներուն եւ աղջիկներուն ուսումնաճանաչողական ծրագիրի ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն` նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնակատար Երեմ Սիմոնեանի, Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանի եւ հայոց լեզու դասաւանդող ուսուցիչներ` Շողիկ Փահլեւանեանի, Լուսինէ Հայրիյեանի, Անի Խալաթեանի, Մարիամ Սարգսեանի, Սերա Շահինեանի եւ Սօսէ Աւագեանի մասնակցութեամբ:
Օրակարգին մէջ էին «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի ծիրէն ներս հայոց լեզուի դասաւանդումը կազմակերպելու եւ կարգապահական հարցեր:
Աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնակատարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց ծրագիրի մասնակիցներու յաճախումներուն, շրջայցերուն մասնակցող զբօսավարներու խնդրին: Գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետն ուշադրութիւն դարձուց դասաւանդման մեթոտին, ծրագիրներու բովանդակային առանձնայատկութիւններուն` ներկայացնելով ուսուցիչներու դասաւանդման ծրագիրները:
Քննարկուեցան դասընթացքի գործնական մեթոտներու կիրառման անհրաժեշտութեան հարցերը, որոնք աւելի գրաւիչ կը դարձնեն Մայրենիի դասերը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ուսուցիչները ներկայացուցին հայերէնի արագացուած ուսուցումը վարելու իրենց փորձը: