Աւստրալիոյ Եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց Թեմի, Աւստրալիոյ Արեւելեան Ուղղափառ Եւ Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու Առաջնորդներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունիս 27-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց  Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի, Աւստրալիոյ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Արեւելեան Կաթոլիկ եկեղեցիներու (Ղպտի, Մարոնի) առաջնորդները:

Պատուիրակութեան կազմին ընդգրկուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի Հայրապետական պատուիրակ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաջարեան, Հօբարտի (Թասմանիա) կաթոլիկներու արքեպիսկոպոս Սրբազան Հայր Ճուլիան արքեպիսկոպոս Պորտէուս, Մելքիթի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Գերապատիւ Հայր Ռոբերտ Ռաբբաթ, Ղպտի Եկեղեցւոյ Նոր Հարաւային Ուելսի եւ Աւստրալիոյ մայրաքաղաքի Առաջնորդ Նորին Սրբազնութիւն Դանիէլ Եպիսկոպոսը, Աւստրալիոյ Մարոնի եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս Նորին Սրբազնութիւն Անտոն Շարպէլ Թարաբան, Աւստրալիոյ Հայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ սրբազան հայր Պասիլ Սուսանեան, Աւստրալիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Մամուլի եւ Աւետարանչականութեան հարցերով Եպիսկոպոսական փոխանորդ Հայր Էլի Նախուլը եւ եւս երկու ներկայացուցիչ Լիբանանի OTV հեռուստաընկերութենէն:

Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաջարեան շնորհաւորեց նախարարը պատասխանատու առաքելութիւնը ստանձնելու առթիւ: «Մենք յոյսով ենք, որ սփիւռքի մեծ փորձն ու ներուժը կ’օգտագործուի հայրենիքի հզօրացման գործին մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ նոր կառավարութիւնը կը նսպաստէ խօսքի ազատութեան ու արդարադատութեան»,-նշեց Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը:

Խօսուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ անգնահատելի դերին մասին, որ դարեր շարունակ իր շուրջ համախմբած է հայութիւնն ու նպաստած ազգային դիմագիծի պահպանման:

Մխիթար Հայրապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան նախարարութիւն այցելելու համար ու նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել հոգեւոր առաջնորդները:

«Ինծի համար եկեղեցին ու քրիստոնէութիւնը կը նշանակեն սէր, հոգատարութիւն, համերաշխութիւն: Ու պիտի ըսեմ, որ ներկայիս կառավարութիւնը նոյնպէս կ՛առաջնորդուի այդ սկզբունքով»,-ընդգծեց նախարարը:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան: Մասնաւորապէս, պատուիրակութեան անդամներուն կը հետաքրքրէր, թէ ինչպէ՞ս պիտի կազմակերպուի հայրենադարձութիւնը, ո՞րն է նախարարութեան հիմնական առաքելութիւնը, ի՞նչ ռազմավարութիւն կայ սփիւռքի մէջ բնակող հայերուն հայաստանեան գործընթացներուն ներգրաւելու համար: Նախարար Մխիթար Հայրապետեան սիրով պատասխանեց բոլոր հարցերուն եւ առաջարկեց որոշ հարցերու շուրջ աշխատիլ միասնական օրակարգով:

Scroll Up