Աւստրալիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Բանաձեւը Քննարկման Դրուած է

Աւստրալիոյ դաշնային խորհրդարանին մէջ, առաջին անգամ տեղի ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւի քննարկումներ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը:

Քննարկման դրուած բանաձեւը կը ճանչնայ «մարդասիրական յատուկ ջանքերը, որ Աւստրալիան գործադրած է՝ յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու եւ որբերու, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու, ներառեալ յոյներու եւ ասորիներու»:

Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբին տեղեկութիւններով՝ խորհրդարանի երկու կուսակցութիւններու կողմէ բանաձեւին ցուցաբերուող աջակցութիւնը կը վկայէ, թէ Ներկայացուցիչներու պալատը կարեւոր քայլ ձեռնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:

Բանաձեւը ներկայացուցած պատգամաւոր Թրենթ Ցիմերման նշած է. «Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ անոնց օգնութեան եկած աւստրալացիներու՝ մենք ուղերձ կը յղենք, որ 1915-ին սկսած իրադարձութիւնները պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած սովորական դէպքեր չեն: Եթէ մենք ձախողինք հայերու դէմ իրականացուած չարիքին ճանաչման հարցով, մենք պիտի աջակցինք անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան մերժել մարդու ամենակարեւոր իրաւունքներէն մէկը՝ կեանքի իրաւունքը»:

Scroll Up