Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Կլենտէլի Քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը

Յունիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանն ու փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը ընդունեցին Կլենտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը: Կողմերը քննարկեցին նախարարի հնարաւոր այցը Միացեալ Նահանգներ եւ փոխանակուեցան գաղափարներով: Մասնաւորապէս, խօսեցան այնպիսի համացանցային  հարթակ մը ստեղծելու մասին, որ կը միաւորէ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ բնակող հայերը:

Նախարարը նշեց, որ այսուհետեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Սփիւռքի մէջ բնակող հայ երիտասարդներուն, որոնք տարբեր պատճառներով դուրս  մնացած են հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներէն:

Զարեհ Սինանեան ողջունելով նախարարի գաղափարը` պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու անոր այդ հարցով ու նպաստելու ԱՄՆ հայ համայնքներու եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման:

 

 

Scroll Up