Մարսէլի ՄԷջ Բացուած Է Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշակոթողը

Ֆրանսայի Հարաւային շրջանի CCAF-ի (Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ) եւ Մարսէլի 6-րդ, 8-րդ թաղամասի թաղապետարանի նախաձեռնութեամբ յունիս 23-ին Մարսէլի Սողոմոն Թեհլիրեանի անունը կրող հրապարակին վրայ, բացուած է Թեհլիրեանի յուշակոթողը, որուն հեղինակը Թաւիթ Եուզանն է: Ձեռնարկին ներկայ էին Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան, 4-րդ եւ 5-րդ շրջանի թաղապետ Մարին Փուսթոլինոն, շրջանային խորհուրդի նախագահի ներկայացուցիչ տիկին Քամպանելլան, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ եւ այլք:

«Հայրեն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Նոր յառաջ» պարբերականին, կը յայտնէ, որ բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս  եկած է շրջանի թաղապետ Իվ Մօրենը, որմէ յետոյ ելոյթ  ունեցած է CCAF-ի Հարաւային շրջանի երիտասարդ նախագահ Օռելի Փրիւնան: Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան, խօսած Պեռլինի դատարանի 1921 թուականի յունիսի պատմական վճիռին մասին, որ անմեղ ճանչցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ իր արարքով վերահաստատեց դարերով անարգուած ժողովուրդի պատիւը: Իր խօսքի աւարտին բանախօսն անդրադարձած է այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ  ունեցած է Աշխէն Յարութիւնեանը, որ 2017-ին Կանի յուշահամալիրի (Mռmorial de Caen) կազմակերպած «Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու 28-րդ միջազգային մրցում»-ին յաղթող  ճանչցուած էր:

Այնուհետեւ ելոյթ  ունեցած է թաղապետ Իվ Մօրենը, որ իր խօսքին մէջ եւս անդրադարձած է Պեռլինի դատարանի վճիռին, շեշտելով, որ այն իրաւական հիմքեր  ստեղծած է Լեմկինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի առաջացման եւ Նիւրնպերկեան դատավարութեան համար: Թաղապետն անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ այսօրուան իրավիճակին, նշելով, որ եթէ մարդիկ անցեալը մոռնան, ապա պատմութիւնը, ինքնաբերաբար, պիտի կրկնուի:

Յուշակոթողի բացման արարողութենէն ետք պատանիներու երգչախումբը կատարած է Ֆրանսայի եւ Հայաստանի օրհներգներն ու յեղափոխական երգեր:

 

Scroll Up