Տեղադրուած Են Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի Խաչերն ու Զանգերը

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր տաճարի կառուցման աշխատանքները թեւակոխած են աւարտական փուլ:

Երէկ հանդիսաւորութեամբ տեղադրուեցան եկեղեցւոյ եւ զանգակատան գմբէթներու խաչերն ու զանգերը:

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաչերու եւ զանգերու օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, ՊԲ զօրամասի զինծառայողներ, ստեփանակերտցիներ եւ այլք:

Նուիրատուութիւններու շնորհիւ կառուցուող Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր տաճարի հիմնարկէքը տեղի ունեցած է 2006 թուականի յուլիս 19-ին` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի ձեռամբ: Շուրջ 12 տարի  տեւող շինարարութեան աւարտը կը նախատեսուի այս տարուան հոկտեմբեր 1-ին, երբ տեղի կ’ունենայ եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Scroll Up