Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Ներկայացուցիչներու Այցը Նախարարութիւն
Յունիս 18-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը եւ մամուլի եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու Անդրանիկ Մարդոյեանը:
Յարութ Ներսէսեան նշեց, որ չնայած իրենք քաղաքականութեամբ չեն զբաղիր, բայց ուրախ են երկրին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն համար եւ լաւատես են ապագայի նկատմամբ:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչը նշեց, որ նախկին նախարարի պաշտօնավարման ժամանակ քննարկուած է համատեղ յուշագիրի կնքման հարցը եւ յոյս յայտնեց, որ սեպտեմբերին այն հնարաւոր կ՛ըլլայ իրականութիւն դարձնել: Նախարար Հայրապետեան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու ու ա՛լ աւելի խորացնելու համագործակցութիւնը` զարկ տալով նոր համատեղ ծրագիրներու: