Կարօ Փայլան. «Փաշինեան Հայաստանի Արժանաւոր Առաջնորդն Է»

Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցազրոյց  տուած է թրքական «Bianet» լրատուամիջոցին: Ի թիւս այլ հարցերու` այդ ընթացքին խօսած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Ելք» խմբակցութեան մասին:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները (թաւշեայ յեղափոխութիւն-խմբ), Փայլան մասնաւորապէս ըսած է.

«Ես 2017թ. սեպտեմբերին մեկնեցայ Հայաստան եւ հանդիպումներ ունեցայ   շարք մը պաշտօնեաներու հետ: Ըսի, որ կը ցանկամ հանդիպիլ Հայաստանի բոլոր կուսակցութիւններուն եւ խմբակցութիւններուն ներկեացուցիչներուն հետ: Ատոնց մէջ  էր նաեւ «Ելք» խմբակցութիւնը, որուն առաջնորդը Փաշինեանն էր:

Ինծի կ՛ըսէին, որ «Ելք»-ը խորհրդարանական փոքրաթիւ խմբակցութիւն է, եւ հանդիպման անհրաժեշտութիւն չկայ: Բայց ես չհամաձայնեցայ:

Պարզուեցաւ, որ անոնք շատ լաւ գաղափարներ կը դաւանեն, մօտ են իմ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան:  Անոնք այնպիսի քաղաքական ուժ են, որ կողմ է արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ կը պաշտպանէ կանանց իրաւունքները: Երկար հանդիպում ունեցայ Փաշինեանի հետ:

Ի հարկէ, ես չէի սպասեր, որ այս ամէնն այսքան արագ կ՛ըլլայ: Ընդամէնը  քանի մը ամիս անց իսկապէս դեմոկրատական յեղափոխութեամբ, առանց արիւն թափելու անոնք եկան իշխանութեան: Փաշինեան Հայաստանի արժանաւոր առաջնորդն է: Շատ երջանիկ եմ եւ կը շնորհաւորեմ իրենց: Իրենք ալ կը ցանկան, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները բացուին առանց նախապայմաններու: Յոյս ունիմ, որ Թուրքիոյ մէջ ալ ժողովրդավարական իշխանութեան առկայութեան պարագային անյապաղ կը բացուին սահմանները Հայաստանի հետ»:

Աղբիւր` Էրմէնիհաբեր

 

 

 

 

 

Scroll Up