Ամերիկահայ Բժիշկներն Աշնան Բժշկական Ծառայութիւններ Կը Մատուցեն Հայաստանի Եւ Արցախի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/06/հիմնադրամ.jpg)
Անհրաժեշտ դեղերու պաշարով ու բժշկական սարքաւորումներով սեպտեմբերին Հայաստան կու գան ամերիկահայ 40 բժիշկներ: «Կլենտէյլ ադուենտիստ» բժշկական կեդրոնի բժշկական աշխատողները 2015-էն սկսած ամէն տարի բժշկական ծառայութիւններ կը մատուցեն Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ: Այս տարի անոնց օգնութիւնը նաեւ Արցախ կը հասնի․ կ’աշխատին Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոցին մէջ:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ֆէյսպուքեան էջին, կը յայտնէ, որ Սիմոն Քեոշքերեան, Արբի Նահապետեանն ու Բեկի Պերպերեանը ճանաչողական այցով մեկնած են Արցախ, ծանօթացած հիւանդանոցներու գործելաոճին, աշնան կը վերադառնան` տեղացի բժիշկներուն օգնելու: Ծրագիրը կը համակարգէ ԱՄՆ-ի «Հայաստան» հիմնադրամ կազմակերպութիւնը: