Կայացած Է Փլովտիւի Հայկական Թատերախումբի «Ֆուլ Հաուս» Բեմադրութեան Առաջնախաղը

Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ յունիս 9-ին կայացած է «Յակոբ Պարոնեան» հայկական ինքնագործ թատերախումբի «Ֆուլ հաուս» բեմադրութեան առաջնախաղը:

Թատերախումբն ունի 130 տարուան պատմութիւն: Այստեղ  սկսած է իր թատերական աշխատանքը նշանաւոր պուլկարահայ բեմադրիչ Գրիգոր Ազարեան: Բացի Պուլկարիոյ եւ արտերկրի մէջ բեմադրուող տարաբնոյթ ներկայացումներէն խումբը տարեկան հանդէս կու գայ մէկ դասական ստեղծագործութեան բեմադրութեամբ:

Խումբի մասնակիցներն են Փլովտիւի հայկական դպրոցի նախկին եւ ներկայիս սաները, ուսուցչական կազմը, որոնք իրենց ազատ ժամանակը կը նուիրեն Պուլկարիոյ եւ հայաշատ այլ քաղաքներու մէջ հայոց լեզուի եւ արուեստի պահպանման եւ տարածման:

Ներկայացումէն յետոյ Պուլկարիոյ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրը յանձնած է Փլովտիւի հայկական դպրոցի հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի, «Արեւիկ» մանկական զբօսայգիի հիմնադիր, դերասանուհի Վիկտորիա Ներսէսեանին: Ուսուցչուհիի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան ՀՀ դեսպանն իր երախտագիտութիւնը  յայտնած է Վ. Ներսէսեանին` բարձր գնահատելով անոր երկարատեւ մանկավարժական առաքելութիւնը. հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ու խրախուսման ուղղուած ջանքերը:

Scroll Up