«Մատեան Ողբերգութեան» Պոէմը Թարգմանուած է Էսթոներէն

Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» պոէմի  էսթոներէն թարգմանութիւնը արդէն հասանելի է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Էսթոնիոյ մէջ գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Յունուարին, կը հաղորդէ «Երկիրմեդիան»-ն:

Թարգմանութեան հեղինակը էսթոնացի երաժիշտ, բեմադրիչ, սենարիստ Փեթըր Վոլքոնսկին է: Ան Նարեկացին բացայայտած է դեռ 40 տարի առաջ ու զարմացած, որ 10-րդ դարուն հայերը այսպիսի գրականութիւն ունեցած են:

Թարգմանութեան հեղինակը երկար տարիներ ուսումնասիրած է «Նարեկ»-ը աշխարհաբարով, անգլերէնով, ռուսերէնով, իսկ թարգմանութիւնը ամբողջացուցած է 6 տարուան ընթացքին:

Scroll Up