Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Ելն ի Վիրապի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Հալէպի Մէջ

Սուրբերուն հաւատքի խօսուն օրինակը օրհնաբեր է։ Անոնք Քրիստոսի հետեւեցան, որպէս ընտիր մշակներ ծառայեցին եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս եւ իրենց ընթացքով Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցան։

Այդպիսիներէն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատքի հայրը, ուր Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն հետքերով ընթացաւ եւ Հայաստան աշխարհի մէջ Աւետարանի լոյսը տարածեց։ Ան բազում չարչարանքներ կրեց, մինչեւ վերջ համբերեց եւ զՔրիստոս վկայեց։ Անոր շնորհիւ եւ Տրդատ թագաւորին գործակցութեամբ՝ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակուեցաւ։ Ի՜նչ հրաշալի դէպք, ի՜նչ պատուաբեր եւ յաղթաբեր յայտարարութիւն, որ վերածուեցաւ հայոց մխիթարութեան աղբիւրի եւ հոգիի վերանորոգման տօնելի յիշատակի։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երկա՜ր տարիներ Խոր Վիրապ մնաց, սակայն աստուածային նախախնամութեամբ այդ խաւարախիտ մահափոսէն դուրս ելաւ, նախ բուժեց Հայոց Տրդատ թագաւորը, յետոյ հաւատք սերմանեց եւ թագաւորին հետ միասին եկեղեցիներ շինեց։

Խոր Վիրապէն դուրս գալու դէպքը յիշատակող եւ պանծացող «Սրբոյ Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին Յիշատակ Ելանելոյն Ի Վիրապէն» տօնը։

Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս այս տօնը կը նշուի եզակի ոճով, տասնեակ տարիներէ ի վեր։

Արդարեւ, Կիրակի 3 Յունիս 2018-ին, «Տօն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածնի» զուգադիպող օրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագ։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Ս. Պատարագ մատուցեց։ Ներկայ էին եկեղեցւոյս քահանայ հայրերը, ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները եւ ուխտաւոր հաւատացեալներու բազմութիւն, որոնք եկած էին օրուան խորհուրդին հաղորդ դառնալու, օրհնութիւն ստանալու եւ հոգեւորապէս պայծառանալու։

Խորհրդաւոր էր մթնոլորտը։ Օրհնաբեր շարժառիթը կը թելադրէր երկիւղած բարեպաշտութեամբ հետեւիլ արարողութեան։ Դպրաց դասի երգեցողութիւնը համաչափութեամբ կ’ընթանար։ Իւրայատուկ հոգեւոր հանդիպումը Աստուծոյ մօտենալու քաղցր հրաւէր կու տար։ Լուսածարաւ հոգիները Լուսաւորիչ Հայրապետին հաւատքէն օրինակ առնելու կանչուած էին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ գլխաւոր գիծերով ներկայացուց օրուան խորհուրդը, դիտել տալով թէ հայ եկեղեցին կը պատուէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը, միաժամանակ գոհութիւն կը մատուցանէ Հօր Աստուծոյ, որ Հայ ժողովուրդին խաւարէն լոյսի առաջնորդեց եւ փրկութեան աւետիսը յայտնեց։

Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այսօր մեր սիրտերու տաճարի վերանորոգման առիթը կ’ընծայուի մեզի, որպէսզի, «Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ» զԱստուած պաշտենք։ Ուստի, յոյսով ապրինք եւ հաւատքով զինուինք, ահա ա՛յն ատեն արժանաւոր կերպով կը կոչուինք «Զինուորական» եկեղեցւոյ անդամ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին «Ելն ի Վիրապի» տօնը, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ թէ Աստուած հաւատարիմ է, նեղութիւններէ կ’ազատէ, պայմանաւ որ տոկանք, համբերութեամբ սպասենք եւ աղօթքի ճամբով բարիք ակնկալենք երկնաւոր հօրմէ։ Այդպէս ըրաւ Լուսաւորիչ Հայրապետը, որով Հայաստան աշխարհը պայծառացաւ Քրիստոսի էջքով»։

Ս. Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայած սարկաւագներուն, ուրարակիրներուն եւ դպիրներու հոգւոյն համար։

Ապա թափորը ուղղուեցաւ շրջափակ, այդտեղ «Անդաստան»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ։ Որմէ ետք «Կիլիկիա» մաղթերգը հնչեցուց դպրաց դասը։

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտին հասաւ աղօթաբոյր եւ հոգեպատար տօնակատարութիւնկը։

«Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա»։

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Scroll Up