Ուխտագնացութիւն Դէպի Երուսաղէմի Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Պուրակ

Յունիս 2-ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը եւ սաղիմահայութիւնը ուխտագնացութիւն կազմակերպեցին «Հայկական պարոն տէր կալուածք»-ի մէջ  2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով հիմնադրուած «Յիշատակի պուրակ»:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  յայտնեն Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն, պուրակին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ նախ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ Սուրբ Աթոռի պատրիարքներու, միաբաններու ու եկեղեցական սպասաւորներու եւ բոլոր հայ ննջեցեալներուն  համար, որուն աւարտին ներկաներուն օրուան պատգամը փոխանցեց հանդիսապետ Գերշ. Տ. Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիբեան:

Ուխտագնացութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ մատաղ:
Աւելցնենք, որ այս ուխտագնացութիւնը երրորդն է «Յիշատակի պուրակ»-ի հիմնադրումէն ետք, որ արդէն դարձած է ամէնամեայ: Այն արդէն հաստատուած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան Մանուկեանի կողմէ եւ գրանցուած Երուսաղէմի եկեղեցական օրացոյցին մէջ:

Scroll Up