Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ Մանկապարտէզէն Նոր Հունձք Մը Շրջանաւարտ Դարձաւ
Գանձասար- Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ.Տ.Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Պատկան Մարմինին, ազգային, միութենական և բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շրջանաւարտներու ծնողներուն։ Հանդիսութեան բացումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը, ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։
Բացման հայերէն և արաբերէն խօսքերը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Մարալ Սարգիսեան- Գասապեան, որ անդրադարձաւ հայ դպրոցի առաքելութեան և դիմագրաւած զանազան մարտահրաւէրներուն, դժուարութիւններուն՝ դիտել տալով, որ մենք ցրուած ըլլալով ի սփիւռս աշխարհի, կարիք ունինք մեզ իրարու զօդող անքակտելի հանգոյցի մը՝ նոր սերունդը սպիտակ ջարդէն զերծ պահելու համար։ Սա, այս դժուար տարիներուն, մեծ հրամայական է, ճակատագրական պարտքը բոլորիս։ Այս սրբազան առաքելութիւնը իրականացնելու դերը ստանձնած են հայ դպրոցը, եկեղեցին եւ ազգային կառոյցները։ «Միասնական աշխատանքով եւ համագործակցութեամբ անպայման կը հասնինք ապահով ափ», շեշտեց ան ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք իրենց նիւթական ներդրումով սատարեցին անցնող տարեշրջանի գործունէութեան յաջող ընթացքին։
Մանկապարտէզի ուսուցչուհիներ Հուրի Փաշայեան- Սարգիսեան, Ալին Արոյեան և Սարին Յարութիւնեան պատրաստած էին գեղարուեստական գունեղ յայտագիր մը։ Փոքրիկները նախ բեմ բարձրացան ներկայացնելով արաբերէն և հայերէն հայրենասիրական երգեր։ Անոնք տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեցին նաեւ երգերուն համապատասխան քառեակներ։ Այնուհետեւ արաբերէն եւ հայերէն պարերով ճոխացուցին յայտագիրը՝ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով սրահէն ներս։ Ապա շրջանաւարտները թատերական գեղեցիկ ներկայացումով մը եզրափակեցին յայտագիրը։
Հուսկ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որուն կողքին հոգշ. հայր սուրբը պատկերազարդ գրքոյկներ նուիրեց շրջանաւարտներուն՝ գնահատանքի խօսք ուղղելով անոնց։ Ան շնորհաւորեց փոքրիկներն ու իրենց ծնողները ուսման առաջին փուլի յաջող աւարտին առիթով։ Հայր սուրբը բարձրօրէն գնահատեց մանկապարտէզի աշխատակազմը այս գեղեցիկ երեկոյթի պատրաստութեան համար եւ հայ դպրոցին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ ու մշտական վերելք։
Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն